Տերսիմի հայերու միութիւն ստեղծելու գաղափարը կը պատկանի Սալահետտին Կիւլթեքինի, որ իր անունը փոխած է Միհրան-Փրկիչի:
Պոլսոյ մէջ միութեան ղեկավար Իսմայիլճան Հալաճուրդ «Սիվիլնեթ»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ միութեան նպատակն է համախմբել Պոլսոյ եւ Տերսիմի մէջ ապրող տերսիմցիները: Միութիւնը նպատակ ունի 1915ի Ցեղասպանութենէն ետք շարունակուող մշակութային ցեղասպանութեան պատճառով սեփական արմատներէն, լեզուէն ու կրօնքէն հեռացած Տերսիմի հայութիւնը հարիւր տարուան ընդմիջումէ ետք դարձեալ վերադարձնել իր արմատներուն:
Բազմաթիւ տերսիմահայերու նման Իսմայիլճան Հալաճուրդ եւս Հայաստանի մէջ մկրտուած է եւ ընտրած Ստեփան անունը՝ որդեգրելով «Մուսա Լերան Քառասուն օրերը» վէպին հերոսներէն մէկուն անունը: Վէպին մէջ, Ստեփան Մուսա լերան դիմադրութիւնը ղեկավարող հրամանատարի որդին էր:
Տերսիմի տարածաշրջանը, որ այժմ կը կոչուի Թունջելի, կը գտնուի ներկայ Թուրքիոյ արեւելեան բաժինին մէջ եւ կը համընկնի պատմական Հայաստանի Ծոփք կամ Չորրորդ Հայք վարչական շրջանին: Ըստ հայկական աւանդութեան, Տերսիմ անունը յառաջացած է շրջանի հոգեւոր հովիւ տէր Սիմոնի անունէն, որ շրջանի բնակչութեան համոզած է ընդունիլ ալեւիութիւնը, այդպիսով փրկելով ժողովուրդը օսմանցիներու բռնագաղթէն: Հայկական Ցեղասպանութենէն ետք՝ բազմաթիւ հայեր կը շարունակեն ապրիլ այդ երկրամասին մէջ:
1937Ի ՏԵՐՍԻՄԻ
ԱՊՍՏԱՄԲՈՒԹԵՆԷՆ ԵՏՔ,
1938ԻՆ ԹՐՔԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԻՆ ԿՈՂՄԷ ԳԵՐԵՎԱՐՈՒԱԾ
ՏԵՐՍԻՄՑԻ ՀԱՅԵՐ ԵՒ ԱԼԵՒԻՆԵՐ
Հալաճուրդ կը յայտնէ, որ դաւանական առումով Տերսիմի հայերուն մեծամասնութիւնը կը շարունակէ ապրիլ իբրեւ ալեւի, իսկ ինքնութեան, ազգութեան տեսանկիւնէն՝ իբրեւ քիւրտ կամ զազա: Տերսիմի մէջ ապրող բոլոր քիւրտերն ալ գիտեն, թէ որ ընտանիքը հայ է: Այդ մէկը երբեք չի մոռցուիր, որովհետեւ տարբեր ձեւերով կրցած են պահպանել իրենց ինքնութիւնը: Տերսիմի հայերու ամէնէն ազդեցիկ սովորութիւնը այն էր, որ իրարու միջեւ կ՛ամուսնանային՝ այդպիսով կը կարողանային իրենք զիրենք պահպանել եւ մնալ մէկ ամբողջութիւն:
Քիւրտ ալեւի Սաւաշ Շահին իր կարգին կը յայտնէ, որ ինք ծնած է հին հայկական գիւղի մը մէջ, եւ իր մեծ հայրը գիւղի պտղատու ծառերը ցոյց տալով իրենց կը յայտնէր, որ զանոնք հայերը տնկած են, եւ իրենք մինչեւ հիմա հայերու թութն ու թուզը կ՛ուտեն: Տերսիմահայ Յակոբ Ալթընքայա կը յայտնէ, որ Տերսիմի մէջ բազմաթիւ հայեր կան, եւ այդտեղ իր այցելութեան ընթացքին մարդիկ իրեն մօտենալով յայտնած են, որ իրենց նախնիները հայեր են:
Իսմայիլճան Հալաճուրդ կը յայտնէ, որ ինք Տերսիմի մէջ ապրող հայերու թուաքանակին մասին շօշափելի թիւ մը չի կրնար հաստատել: Կան հայկական գիւղեր, որոնք ունին շուրջ երեսուն տուն՝ երեք-չորս անդամով: Տերսիմի մէջ այսօր կ՛ապրին, հայեր, որոնք իրենք զիրենք հայ կը զգան, սակայն լեզուէն եւ կրօնէն հեռանալնուն պատճառով քրիստոնէութեան հետ որեւէ կապ չունին: Անոնք իսլամացած են, սակայն իսլամները զիրենք չեն ընդունիր:
Սաւաշ Շահին կը յայտնէ, որ հայերու մեծ մասը կը պահէ իր ինքնութիւնը:
ՏԵՐՍԻՄԻ ՇՐՋԿԵԴՐՈՆ՝
ԹՈՒՆՉԵԼԻ
Տերսիմի հայերու միութիւնը այժմ 80 անդամ ունի, սակայն միութեան ղեկավարները կը յայտնեն, որ եթէ Տերսիմի մէջ բնակող հայերուն մօտ աշխատանք տանին՝ միութեան անդամներուն թիւը կրնայ 500էն 1000ի հասնիլ:
Իսմայիլճան Հալաճուրդ կը յայտնէ, որ իրենց միութեան անդամ ըլլալու համար կրօնքը նախապայման չէ, այլ՝ հայ ըլլալը: Քրիստոնէութիւնը պայման չէ, սակայն Պոլսոյ մէջ ապրող տերսիմցիները աստիճանաբար սկսած են հակելու դէպի քրիստոնէական եկեղեցի, երեխաներուն հայկական անուններ կու տան, կ՛ուզեն ապրիլ սեփական մշակոյթով ու լեզուով, սակայն Տերսիմի հայութեան միութեան բոլոր անդամները քրիստոնեայ չեն, եւ եթէ այդպիսի պայմաններ դրուին՝ «Տերսիմի հայերը իրարմէ կը բաժնենք», կը շեշտէ Հալաճուրդ:
Խօսելով միութեան ծրագիրին մասին՝ Հալաճուրդ կը յայտնէ, որ իրենց հիմնական նպատակը Տերսիմի մէջ ներկայացուցչութիւն բանալն է, աշխատանքներ կատարել Տերսիմի Ս. Կարապետ վանքի վերականգնման ուղղութեամբ: Ան կ՛ըսէ, որ մինչեւ 1938 թուական գործող Ս. Կարապետ եկեղեցին մեծ նշանակութիւն ունի թէ՛ Տերսիմի հայերուն եւ թէ քիւրտ ալեւիներուն համար: Անցեալին, «Ս. Կարապետ»ը հայերու, քիւրտերու եւ ալեւիներու ուխտատեղին եղած է:
Միութիւնը նպատակ ունի նաեւ աշխատիլ Տերսիմի հայկական գիւղերու ընկերատնտեսական կացութեան բարելաւման ուղղութեամբ, իսկ Պոլսոյ մէջ կը փափաքին կամուրջ ըլլալ տերսիմցիներուն եւ պատրիարքարանին միջեւ, որովհետեւ եթէ տերսիմցի հայ մը մինակը պատրիարքարան երթայ եւ ուզէ մկրտուիլ, պիտի չկարենայ, որովհետեւ պէտք է ապացուցէ իր հայ ըլլալը:
Հալաճուրդ կը նշէ, որ տերսիմցի հայերուն մօտ հետեւեալ ընկալումը կայ. «Հայ համայնքը մեզ չ՛ընդունիր, որովհետեւ մենք կտրուած ենք մեր մշակոյթէն, փոխած ենք մեր անունները: Այս պարագային, երբ պատրիարքարան կ՛երթաս եւ առջեւդ չափորոշիչներ կը դնեն եւ կը պահանջեն ապացուցել հայ ըլլալդ, սովորաբար տերսիմցի հայը կը նահանջէ, ետ քայլ կ՛ընէ եւ յուսախաբ կ՛ըլլայ: Ի հարկէ, պատրիարքարանն ալ այսպէս վարուելու իրաւացի պատճառներ ունի: Այս պարագային, Տերսիմի հայկական միութիւնը կը փորձէ պատրիարքարանին հետ վստահութեան վրայ հիմնուած յարաբերութիւններ ստեղծել»:
Պոլսոյ մէջ ապրող տերսիմցիները հիմնականին մէջ իրենց զաւակներուն կու տան հայկական անուններ եւ զանոնք կ՛ուղարկեն հայկական դպրոցներ եւ քայլեր կ՛առնեն հայերէն սորվելու համար: 2013ին տերսիմցիները Հայկական Ցեղասպանութեան 98ամեակը առաջին անգամ ըլլալով ոգեկոչեցին Տերսիմի մէջ: