
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Տեղի ունեցաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան ելեկտրոնային գրադարանի նոր կայքի շնորհահանդէսը:
Կայքի սպասարկող-գործարկու Միքայէլ Եալանուզեան ներկայացուց գրադարանի նոր կայքը, համեմատեց նախորդ կայքին հետ, թուարկեց առաւելութիւնները: Ան նշեց, որ փոփոխութիւններէն ետք անիկա արդէն ունի առանձին համացանցային տիրոյթ (http://libmindiaspora.am/), դարձած է աւելի արագ եւ հասանելի, բարձրացած է նիւթերու տեղադրման արդիւնաւէտութիւնը: Նոր կայք տեղափոխուած են նախորդին նիւթերը, լրամշակուած է կառուցուածքն ու բովանդակութիւնը, փոխուած են խորագիրները: Իւրաքանչիւր ամիս պիտի լուսապատճէնահանուի, թուայնացուի եւ տեղադրուի 3500-4000 էջ նիւթ:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ներկայացուց իր դիտարկումները, կարեւոր նկատեց առաւել մեծ թիւով արեւմտահայ եւ սփիւռքահայ գրողներու ստեղծագործութիւններուն ընդգրկուածութիւնը կայքին մէջ։ Ան յանձնարարեց կայքը համալրել մանկական գրականութեամբ, դասագիրքերով, արդիական ուսումնամեթոտական նիւթերով, խաղերով եւ տեսանիւթերով, սերտօրէն համագործակցած է Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ գործող գրադարաններու եւ հրատարակչութիւններու հետ, տեղադրած է անոնց կայքերուն յղումները:
Քննարկուեցաւ համապատասխան վարչութիւններու եւ կայքի պատասխանատուներու ուժերով համազգային հիմնախնդիրներուն առնչուող գիտական յօդուածներու բաժին ստեղծելու հարցը: Յանձնարարուեցաւ պարբերաբար դիտարկել նախարարութեան բոլոր կայքերը, իւրաքանչիւր շաբաթ հրաւիրել աշխատանքային խումբի նիստ եւ անընդհատ կատարելագործել նախարարութեան տեղեկատուական կարելիութիւնները:
Ներկայացուեցան նաեւ «Հայկական Սփիւռքի պատմութեան վիրտուալ թանգարան» http://armdiasporamuseum.com կայքին վրայ կատարուած փոփոխութիւնները:
Շնորհաւոր եւ լաւագոյն մաղթանքներս:
Պատաստ եմ ղրկելու 2013 ին հրատարակուած Մատեան Քաջաց -Բանաստեղծութիւններս:խնդրեմ ղրկեք E mail որ ղրկեմ Թանգարանին այն յոյսով որ ամէնակարճ ճամանակի ղրկեմ Գիրքը:
Նորայր Մանճեան