
ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Ֆրեզնոյի Մուսա Լերան հայրենակցական միութեան Մայրերու եւ Հայրերու տօներուն առիթով կազմակերպած դաշտագնացութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Յունիս 1ին, Քլովիսի «Ֆրայ Քրիք» հանրապարտէզին մէջ, ներկայութեամբ աւելի քան 60 հայրենակիցներու: Ներկայ էին նաեւ Սան Ֆրանսիսքոյէն հայրենակիցներ, ինչպէս նաեւ Քեսապէն նոր ժամանած տէր եւ տիկին Մուրատ եւ Մարի Ալիքեանները:
Հանրապարտէզի կողքին կը տարածուէր ընդարձակ խաղավայր, ուր ամբողջ օրը, ծնողներու հսկողութեամբ, մեր մանուկները խաղացին եւ իրենց ուրախ կանչերով ու երգերով ուրախացուցին ներկաները: Իսկ ծառերու հովանիին տակ, սեղաններու դիմաց նստած հայրերուն ու մայրերուն համար, վարչութիւնը կազմակերպած էր նարտիի եւ թղթախաղի մրցումներ, մինչ խումբ մը երիտասարդ տղաք ու աղջիկներ կը պատրաստէին խորոված եւ Մուսա Լերան աւանդական կերակուրները՝ զանոնք հրամցնելով ներկաներուն:
Մթնոլորտը ջերմ էր մանուկներու շրթներէն բարձրացող կանչերով եւ սեղաններուն շուրջ բոլորուած ծնողներուն մտերմիկ՝ անցեալի քաղցր յիշատակներու մասին խօսակցութիւններով: Ուրախ երեւոյթին առընթեր, ներկաները հիւրասիրուեցան ծնողներու կողմէ պատրաստուած անուշեղէններով:
Վարչութիւնը ներկաներուն ուշադրութիւնը խնդրելէ ետք հրաւիրեց տէր եւ տիկին Ժանօ եւ Զեփիւռ Քերքեզեանները եւ անոնց յանձնեց 2014 տարեշրջանի Մուսա Լերան հայրենակցական միութեան գնահատագիրը՝ իրենց ցուցաբերած վեհանձն եւ անսակարկ նուիրումին համար:
Ներկաները ծափերով իրենց շնորհաւորութիւնները յայտնեցին Քերքեզեաններուն: Մթնոլորտը աւելի խանդավառուեցաւ, երբ հնչեց Մուսա Լերան աւանդական տաւուլ-զուռնան:
Մուսալեռցին, ո՛ւր ալ գտնուի, երբ կը լսէ տաւուլ-զուռնային ձայնը, ոտքերը կը դողան. ան կը վազէ եւ միանալով խումբին՝ կը պարէ, որովհետեւ մուսալեռցիին համար, իւրաքանչիւր շարժում ու ձայն սրտին ու հոգիին մէջ յիշատակներ կ՛արթնցնեն: Այդ եղանակներով մեր մեծ հայրերը Մուսա Լեռ բարձրացան, Փօր Սայիտի աւազներուն վրայ չորս տարիներ պարեցին, Պասիթի տեղատարափ անձրեւին տակ, խխում դարձած՝ ամբողջ գիշերը պարեցին, ու այդ նոյն պարեղանակներով, Սուրիոյ սահմանին վրայ տարածուող փշոտ տափաստանները, գեղեցիկ Այնճարը հայաւանի վերածեցին:
Սիրելիս, ոմանք փորձեցին խեղաթիւրել այդ պարեղանակները, սակայն՝ ի զուր, անոնք չյաջողեցան, որովհետեւ անոնք իւրաքանչիւր մուսալեռցիի հոգիին ու սիրտին մէջ ամուր դրոշմուած են:
Երեկոյեան «Ֆրայ Քրիք» խաղավայրն ու ծառաստանը դատարկուեցան, իսկ մեր հայրենակիցները հպարտ քայլերով մեկնեցան իրենց բնակարանները: