
(Ծնեալ՝ Յուլիս 11, 1929, Հալէպ)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ մօր, մեծ մօր եւ հարազատին՝ Մարի Գույումճեանի մահը, որ պատահեցաւ Հինգշաբթի, Յունիս 11, 2014ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Յունիս 14, 2014, կէսօրէն ետք ժամը 2:30ին, Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան Old North Church մատրան մէջ, ապա թաղումը՝ նոյն գերեզմանատան մէջ:
Սգակիրներ՝
Զաւակը՝ Գասպար եւ Միհօ Գույումճեան եւ զաւակները՝
Մարի եւ Գէորգ
Զաւակը՝ Ժիրայր Գույումճեան
Զաւակը՝ Յակոբ եւ Ազնիւ Գույումճեան եւ զաւակները՝
Գէորգ, Վիգէն եւ Նաթալի
Դուստրը՝ Ծովիկ եւ Պետիկ Գալայճեան եւ զաւակները՝
Յակոբ, Անտրէ եւ Թիա
Եւ համայն Գույումճեան, Գալայճեան, Ղարիպեան (Հալէպ)
եւ Պաթմանեան ընտանիքները եւ հարազատները
Թաղման արարողութենէն ետք հոգեճաշ պիտի մատուցուի Կլենտէյլի Carousel ճաշարանին մէջ, 304 N. Brand Blvd.:
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Ararat Nursing Home-ին, 15099 Mission Hills Rd, Mission Hills, CA 91345: