
ԿԼԵՆ ԷԼԸՆ, Վըրճինիա, «Էյ.Փի.».- Կարգ մը քաղաքական մեկնաբաններու կողմէ երկրաշարժի համազօր նկատուող արարքով մը, հանրապետականներու «Թէյի կուսակցութիւն» պահպանողական-ազատական թեւը Երեքշաբթի, Յունիս 10ին անակնկալ եւ ցնցիչ յաղթանակ մը կրցաւ ապահովել Վըրճինիայի մէջ: Արդարեւ, Վըրճինիայի 7րդ ընտրատարածքին մէջ տեղի ունեցած Քոնկրեսի նախնական ընտրութիւններուն ընթացքին, Ներկայացուցիչներու տան հանրապետական մեծամասնութեան ղեկավար Էրիք Քենթըր, քուէներու մեծ տարբերութեամբ (աւելի քան 10 տոկոս) պարտութիւն մը կրեց իրմէ աւելի պահպանողական թեկնածուէ մը՝ Տէյվ Պրեթէն, որ կը վայելէր «Թէյի կուսակցութիւն» շարժումին աջակցութիւնը:
Յատկանշական է նաեւ, որ Հանրապետական կուսակցութեան ապագայ աստղերէն մէկը նկատուող Քենթըրի պարտութիւնը կու գար այն ժամանամիջոցին, երբ հանրապետական ղեկավարութիւնը կը կարծէր, թէ կրցած է իր հակակշիռին տակ առնել «Թէյի կուսակցութիւն»ը:
Ըստ քաղաքական մեկնաբաններու՝ գաղթականական օրէնքները բարեկարգելու Քենթըրիի կեցուածքը եղած է անոր «Աքիլլեսի կրունկը»:
Չորեքշաբթի օր հաղորդուեցաւ, թէ Քենթըր որոշած է հրաժարիլ Ներկայացուցիչներու տան հանրապետական մեծամասնութեան ղեկավարի պաշտօնէն: