ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Ապրիլ 24ի 99ամեակին առիթով, Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկներու շարքին իր ուրոյն տեղը ունէր պատմաբանի բանախօսութիւնը:
Փրոֆ. Աստուրեան ըսաւ. «Թաներ Աքչամ ստացած է իր դոկտորան 1995ին, Հենովըրի համալսարանէն՝ պաշտպանելով իր թէզը՝ «Թրքական ազգային շարժումը եւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը» նիւթով: Դոկտ. Աքչամ ծնած է Արտահան, 1953ին: Ան փոքր տարիքին հետաքրքրուած է թրքական քաղաքականութեամբ: Որպէս խմբագիր ուսանողական քաղաքական թերթի մը, ան ձերբակալուած է 1976ին եւ դատապարտուած 10 տարուան բանտարկութեան: «Միջազգային ներում» կազմակերպութիւնը (Amnesty International) որդեգրած է զինք որպէս «խղճմտանքի բանտարկեալ» (Prisoner of conscience): Տարի մը ետք, ան փախած է Գերմանիա եւ ստացած քաղաքական ապաստան: 1988ին, ան սկսած է աշխատելու գիտական եւ ընկերային ուսումնասիրութեանց Համպուրկի հիմնարկին մէջ: Առաջին
ուսումնասիրութեան նիւթը եղած է քաղաքական բռնարարքներու պատմութիւնը՝ Օսմանեան կայսրութեան եւ Թուրքիոյ հանրապետութեան մէջ: 2000-2002 տարիներուն, ան պատմութեան այցելու դասախօս եղած է Միշիկընի համալսարանին մէջ, ինչպէս նաեւ՝ Մինիսոթայի համալսարանի ու 2008էն ի վեր «Քլարք» համալսարանի Ողջակիզման եւ ցեղասպանութեան ուսմանց կեդրոնի ուսումնասիրող եւ դասախօս: Ան հրատարակած է բազմաթիւ գիրքեր եւ յօդուածներ՝ անգլերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն եւ թրքերէն լեզուներով»:
Փրոֆ. Թաներ Աքչամ սկսաւ իր խօսքը՝ ըսելով. «Գիտական հետազօտութիւնները ընդհանրապէս կ՛անտեսեն ձուլումն ու փոխակերպումը, որպէս ցեղասպանութեան սատարող եւ օժանդակ ազդակներ: Այս անտեսումը պատահական չէ եւ երկու պատճառներ ունի: Առաջինը՝ օրինական սահմանումներն են, իսկ երկրորդը՝ պատմութեան ականատես եղած աղբիւրներու բնորոշող նկարագիրն է»:
Ապա օրինակներ յիշելով գրող Ռաֆայէլ Լեմքինի գիրքերէն՝ ան շարունակեց. «Ցեղասպանութիւն ըսել չէ ազգի մը արագ եւ անյապաղ ջարդը: Ըստ Լեմքինի՝ ցեղասպանութիւնը կը կիրարկուի երկու հանգրուաններով: Նախ՝ կործանել կեղեքուողներու ազգային նկարագիրը եւ ապա՝ պարտադրել կեղեքիչի եւ բռնակալի ազգային նկարագիրը: Այս երկրորդ հանգրուանը կրնայ տարբեր կերպարանքներ առնել եւ տարբեր ոճերով կիրարկուիլ, բայց վերջաւորութեան՝ բռնակալի ազգային նկարագիրը կը պարտադրուի կեղեքուողներուն վրայ»:
Փրոֆ. Աքչամ «Օրինական սահմանում» ենթախորագիրին տակ իր խօսքը շարունակելով՝ ըսաւ. «Ակադեմական վիճաբանութիւնները՝ Հայկական Ցեղասպանութեան շուրջ, ընդհանուր առմամբ անտեսած են ձուլումի կարեւորութիւնը, որովհետեւ ցեղասպանութիւնը սխալ սահմանած են: Անոնք ցեղասպանութիւնը սահմանած են որպէս միաւոր դէպք մը, որ ֆիզիքական բնոյթ ունի եւ կը համակերպի 1948ի Ցեղասպանութեան համագումարի բնորոշման հետ: Ընկերաբաններ, որոնք համաձայն չէին ՄԱԿի սահմանումին՝ ճիշդ թէ սխալ, սկսան իրենց հասկցած ձեւով կամ ոճով մեկնաբանելու ցեղասպանութեան սահմանումը: Նոյնպէս, ընկերաբաններ սկսան Հրէական Ողջակիզումը գործածելու որպէս չափանիշ, ստուգանիշ եւ բացարձակ դատանիշ: Ընկերաբանները նաեւ սկսան գործածելու յունական դիցաբանութեան մէջ նշուած Բրոքրուստեսի տրամաբանութիւնը, ուր մարդը անկողինին յարմարելու համար կա՛մ ոտքը կը կտրես, կա՛մ քաշելով կ՛երկնցնես: Այլ խօսքով՝ կամայական մեկնաբանութիւններու եւ խեղաթիւրումներու ճամբով կը փորձեն պատմութիւնը յարմարեցնել իրենց (անկողինին): Օրինակի համար, Հայկական Ցեղասպանութեան մէջ գործածուած բռնի դաւանափոխութիւնը եւ հայ մանուկներու թրքական տուներու ու
«Ականատես աղբիւրներու նկարագիրը» բաժինին անդրադառնալով՝ դոկտ. Աքչամ ըսաւ. «Հայկական ջարդի մասին տեղեկութիւններուն մեծ մասը ստացուած է ամերիկացի եւ գերմանացի դեսպաններէ, օտար աւետարանիչներէ եւ վերապրողներէ: Այս տեղեկագրութիւնները ընդհանուր քաոսի տպաւորութիւն կը ձգեն եւ ոչ թէ կանոնաւոր, ծրագրուած ցեղասպանութեան մը: Այս տեղեկագրութիւնները ճշգրիտ ժամանակագրութիւն ալ չեն հայթայթեր, այլ՝ դիտարկութիւններ եւ ընդհանրացումներ, որոնք մթին եւ անստոյգ հասկացողութիւն մը մէջտեղ կը բերեն: Այսպիսի անկանոն դիտարկութիւններ պղտորեցին պատկերը եւ արգելք դարձան, որ յստակօրէն չտեսնենք,
թէ բռնի դաւանափոխութիւնը եւ հայ մանուկներու ձուլումը թուրք ընտանիքներու մէջ՝ Ցեղասպանութեան կողքին, զիրար ամբողջացնող ազդակներ էին յաջողցնելու համար հայութեան բնաջնջումը եւ տեղահանութիւնը իր օրրանէն: Ձուլումը յստակօրէն կիրարկուեցաւ բռնի դաւանափոխութեամբ, բռնի ամուսնութիւններով եւ հայ ժողովուրդի ցրուումով, որպէսզի թուրք մեծամասնութեան մէջ ցրուելով՝ ժամանակի ընթացքին ան լուծուի»:
Ձեռնարկի աւարտին եղան շատ հետաքրքրական հարցումներ, որոնց մանրամասնօրէն պատասխանեց փրոֆ. Թաներ Աքչամ: