
ԵՐԵՒԱՆ.– Նախորդ տարի Երեւանի մէջ բազմաբնակարան բնակելի շէնքերուն բնակարաններու գիները նուազած են միջին հաշուով 4 տոկոսով. այս տեղեկութիւնը նշուած է անշարժ գոյքի գնահատման «Օլիվըր կրուփ» ընկերութեան ուսումնասիրութեան մէջ: Ըստ Անշարժ գոյքի կալուածոց վարչութեան պետական կոմիտէի տուեալներուն՝ 2013ին Երեւանի մէջ բնակարաններուն 1 քիլոմեթր շուկայական միջին գիները աճած են 5,4 տոկոսով։
Յունիս 5ի Դրամատուներու միութեան գրասենեակին մէջ «Անշարժ գոյքի շուկայի վերլուծութիւն» ուսումնասիրութեան շնորհահանդէսին «Օլիվըր կրուփ»ի հիմնադիր Հրաչ Յակոբեան նշած է, որ պետական գերատեսչութեան տուեալներուն եւ ընկերութեան վերլուծութիւններուն միջեւ տարբերութիւնը պայմանաւորուած է անով, որ ընկերութիւնը շուկան վերլուծած է առաջարկի, եւ ոչ թէ կայացած գործարքներու գիներու հիման վրայ: Ընկերութիւնը ուսումնասիրութիւն կատարած է աւելի քան 22 հազար առաջարկներու հիման վրայ:
Յակոբեանի համաձայն՝ անշարժ գոյքի շուկային մէջ գիներու նուազումը պայմանաւորուած է արտագաղթի գործօնով, այսինքն տեղի ոււնեցած է թէ՛ առաջարկի յաւելում, թէ՛ պահանջքի նուազում: Բնակարաններուն գիները նուազած են մայրաքաղաքի բոլոր վարչական շրջաններուն մէջ:
Թէեւ ընկերութիւնը տակաւին չունի այս տարուան տուեալներուն վերլուծութիւնը, սակայն առաջին ամիսներուն պահպանուած են նախորդ թիւերը։
Շնորհահանդէսին ներկայ Դրամատուներու միութեան նախագահ Սամուէլ Ճզմաչեանին հարցուցած են, թէ արդեօք կարելի՞ է, որ դրամատուները՝ նկատի առնելով անշարժ գոյքի շուկային մէջ արձանագրուող միտումները, վերատեսութեան ենթարկեն այս առնչութեամբ վարկերու պայմանները, նշած է, որ վարկեր տրամադրելու առումով իւրաքանչիւր դրամատուն ունի իր քաղաքականութիւնն ու գործելաձեւը, չկայ ընդհանրական մօտեցում։ «Բանկերը վարկեր տրամադրելիս հաշուի են առնում ոչ միայն գրաւի առարկան, այլեւ յաճախորդի վարկունակութիւնը», բացատրած է ան:
«Կարծում եմ, որ այնուհանդերձ բանկերը պէտք է հիփոթեքային վարկերը տրամադրեն գոյքի գնահատուած արժէքի առաւելագոյնը 70 տոկոսի չափով», յայտնած է Դրամատուներու միութեան նախագահը: