ՎԱՏԻԿԱՆ.- Հինգշաբթի, Յունիս 5ին, Վատիկանի մէջ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը մանրամասնօրէն տեղեակ պահեց վերջին երկու օրերուն Հալէպի, մասնաւորաբար՝ Նոր Գիւղի շրջանի հայահոծ թաղամասերուն մէջ կատարուած սարսափելի ռմբակոծումներուն մասին:
Վեհափառը անմիջապէս հեռաձայնային կապեր հաստատեց Սուրիոյ պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ, ինչպէս նաեւ օտար միջնորդութիւններու ճամբով՝ ընդդիմադիր շրջանակներու ներկայացուցիչներու հետ, որպէսզի կարելի բոլոր միջոցներով առաջքը առնուի հայահոծ շրջաններու վրայ կատարուող ռմբակոծումներուն:
Յայտնենք, որ ահաւոր ռմբակոծումներու հետեւանքով, հայկական եկեղեցիներ, դպրոցներ, համայնքային հաստատութիւններ, մեծ թիւով բնակարաններ ու թաղամասեր ենթարկուած են լուրջ վնասներու, նաեւ կան զոհեր եւ բազմաթիւ վիրաւորներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.