
ԵՐԵՒԱՆ.– Ռուսիա 300 միլիոն տոլարի վարկ պիտի տրամադրէ Հայաստանին՝ աթոմակայանի վերանորոգման համար: Մինսկի մէջ տեղի ունեցող ԱՊՀ անդամ պետութիւններու կառավարութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի նիստի ծիրին մէջ Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք այս մասին յայտնեց վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան՝ լրագրողներուն հետ զրուցելով:
«Արդէն այդ մասին կար պայմանաւորուածութիւն մեր Ֆինանսների նախարարութիւնների միջեւ», նշեց ան։
Անդրադառնալով հանդիպումի մանրամասնութիւններուն՝ ան նշեց, որ Ռուսիոյ վարչապետին հետ քննարկած են Մաքսային միութեան եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան առնչուած հարցեր:
«Ես հասկացայ, որ իրենք միանշանակ համաձայն են, որ մենք շատ արագ կարողանանք միանալ ԵՏՄին, եւ ինչպէս Հայաստանի նախագահը յայտարարեց, որ մենք մինչեւ Յուլիսի մէկը պատրաստ ենք ստորագրելու համաձայնագիրը: Նա համաձայն էր, որ մենք սկզբունքային տարակարծութիւններ չունենք եւ նաեւ իր ցանկութիւնն էր, որ հնարաւորինս ակտիւ համագործակցենք», ըսաւ ան։ Յովիկ Աբրահամեան նշեց նաեւ, որ քննարկման առարկայ եղած է երկկողմանի հանդիպումներու հարցը:
«Ես Յունիսին պաշտօնական այցով կը մեկնեմ Ռուսաստան: Ես երբ եղել եմ փոխվարչապետ, նա էլ Ռուսաստանի փոխվարչապետն է եղել եւ կարծում եմ, որ մեր յարաբերութիւնները կ՛օժանդակեն, որ երկու երկրների կառավարութիւններն աւելի ակտիւ համագործակցեն», ըսաւ ան։
30 Մայիսին վարչապետը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Պելոռուսի վարչապետին հետ: Այս գծով Յովիկ Աբրահամեան տեղեկացուց, որ խօսած են կարգ մը ոլորտներու մէջ երկկողմանի համագործակցութիւնը աշխուժացնելու մասին։
«Օգտուելով առիթից իրեն հրաւիրեցի Հայաստան, պայմանաւորուեցինք, որ Սեպտեմբերին կամ Հոկտեմբերին կ՛այցելի: Պայմանաւորուեցինք ակտիւ աշխատել», ըսաւ ան:
ԱՊՀ անդամ պետութիւններու կառավարութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի նիստին առնչութեամբ Յովիկ Աբրահամեան նշեց, որ նման ձեւաչափերով հանդիպումները շատ կարեւոր են, քանի որ երկրի վարչապետները կրնան բազմաթիւ հարցեր քննարկել միասնաբար: