ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան 30 Մայիսին ընդունած է Մուրացանեան օրերուն նուիրուած տօնակատարութիւններուն մասնակիցները ներկայացնող խումբ մը։ Նախագահը կարեւոր նկատած է նման նախաձեռնութիւններու կայացումը Արցախի մէջ՝ ինչպէս գրականութեան եւ մշակոյթի զարգացման, այնպէս ալ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք կապերու ամրապնդման տեսանկիւնէ: Բակօ Սահակեան անգնահատելի նկատած է գրականութեան դերը ազգային արժէքներու պահպանման եւ մատաղ սերունդին հայեցի դաստիարակութեան փոխանցման իմաստով՝ աւելցնելով, որ պետութիւնը յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ այս բնագաւառին։
Հանդիպման մասնակցած են Լեռնային Ղարաբաղի Գրողներու միութեան նախագահ Վարդան Յակոբեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.