
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Շաբաթ, Մարտ 29ին, Կլենտէյլի «Ֆինիսիա» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ Պէյրութի Շամլեան-Թաթիկեան Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի հիմնադրութեան 80ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւն-ճաշկերոյթ մը՝ կազմակերպութեամբ վարժարանի Լոս Անճելըսի շրջանաւարտից միութեան:
Վարժարանի շրջանաւարտներուն, նախկին ուսուցիչներուն, համակիրներուն եւ հիւրերուն շարքին էին՝ Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի հիւպատոսարանի տնտեսական եւ համայնքային հարցերու հիւպատոս Սուրէն Վարդանեան, ձեռնարկին համար Լոս Անճելըս գտնուող վարժարանի տնօրէնուհի Վարդուկ Պալըքճեան, ինչպէս նաեւ վարժարանի նախկին տնօրէններէն Արամ Պուլղուրճեան եւ Եսայի Եսայեան:
Ձեռնարկի բացումը կատարեց կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետուհի Գոհարիկ Ճարլըքեան, որ բարի գալուստի խօսքերէն ետք՝ ներկայացուց հանդիսավարը՝ Տենի Կէօզիպոյիքեանը, որ իր կարգին բեմ հրաւիրեց պատուելի Վաչէ Էքմէքճեանը՝ բացման աղօթքը կատարելու համար:
Իր կարգին, Շրջանաւարտից միութեան ատենապետ Զաւէն Հանէսեան ողջունեց բոլոր ներկաները, շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց ու յատկապէս՝ շրջանաւարտից միութեան անդամներուն, որոնք ձեռնարկին յաջողութիւնը ապահոված էին իրենց կամաւոր սպասարկութեամբ: Միութիւնը, վերջին երեք տարիներուն ընթացքին, տուրքէ զերծ կազմակերպութիւն ըլլալու իրաւունքը ապահովելէ ետք՝ յատկանշական օժանդակութիւն հասցուցած է վարժարանին:
Իր կարգին, տնօրէնուհի Պալըքճեան տեսաերիզ մը ցուցադրեց վարժարանին մասին, ապա տեղեկութիւններ փոխանցեց անոր իրագործումներուն եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին:
Հայ աւետարանչական միութեան ներկայացուցիչ Լեւոն Ֆիլեան եւս իր սրտի խօսքը փոխանեց՝ վարժարանին նեցուկ կանգնելու կոչ ընելով ներկաներուն:
Շրջանաւարտից միութիւնը ձեռնարկին ընթացքին մեծարեց «Շամլեան-Թաթիկեան»ի շրջանաւարտ եւ նախկին ուսուցչուհի դոկտ. Անի Թորոսեանը, որ այս առիթով Օքլահոմայէն Լոս Անճելըս ժամանած էր:
Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր Մայք Եուսէքեանը, որ շեշտեց հայեցի կրթութեան հայկական ինքնութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը եւ այդ աշխատանքին մէջ հայկական վարժարաններուն ունեցած դերակատարութիւնը:
Փակման աղօթքը մատուցեց պատուելի դոկտ. Ճան Խանճեան:
80ամեակին առիթով, շրջանաւարտից միութիւնը որոշած է 1000ական տոլար նուիրած անձերուն կամ կազմակերպութեանց անունները կրող ցուցատախտակ մը զետեղել վարժարանին մէջ: Նուիրատուութիւն կատարել փափաքողները կրնան դիմել 2592 Called Villada Circle, Duarte, CA, 91010 հասցէին: