ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Հինգշաբթի, Մայիս 15ին, «The Business Year» լրատուական կայքին հետ կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով յայտարարած է, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ շարունակուող հակամարտութիւնը լուրջ վտանգ կը հանդիսանայ միջազգային եւ տարածաշրջանային խաղաղութեան՝ միաժամանակ խոչընդոտելով Հարաւային Կովկասի կայուն զարգացումը:
«Ատրպէյճան հաւատարիմ է հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին եւ ամէն ինչ պիտի ընէ՝ Հայաստանի կողմէ ատրպէյճանական տարածքներու բռնագրաւման վերջ տալու համար», ըսած նախարարը:
«Միջազգային իրաւունքի սկզբունքները աղաւաղելու հայկական կողմին փորձը բացայայտ մարտահրաւէր է խնդիրի կարգաւորման գործընթացին եւ կրնայ լրջօրէն վնասել բանակցութիւններուն: Հայաստանի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ հանդէս գալ անտրամաբանական պահանջներով, որոնց Ատրպէյճան երբեք պիտի չհամաձայնի», եզրակացուցած է նախարարը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.