
ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».– Ազգային ժողովը 13 Մայիսին 68 թեր, 12 դէմ եւ 36 ձեռնպահ քուէներով ընդունեց Կուտակային կենսաթոշակի մասին օրէնքը: Յիշեցնենք, որ, ըստ այդ օրէնքին, կենսաթոշակային պարտադիր կուտակային վճարներ չկատարած գործատուները մինչեւ Սեպտեմբեր 30 զերծ պիտի կացուցուին տոյժեր ու տուգանքներ վճարելէ:
Նախքան քուէարկութիւնը, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան խմբակցութեան քարտուղար Նայիրա Զոհրաբեան յայտարարեց, որ ԲՀԿն 12 Մայիսին քննարկած է հարցը, հանդիպում ունեցած է փորձագէտներու, քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու, «Դէմ եմ»ի անդամներուն հետ: Ան նշեց, որ, թէեւ այս օրինագիծը կէս քայլ առջեւ է, պիտի մեղմացնէ լարուածութիւնը, բայց թերի է ու չի լուծեր բոլոր խնդիրները:
Անոր համաձայն՝ ԲՀԿն ունի հարցեր, որոնք կը մնան առկայ, հետեւաբար չի կրնար թեր քուէարկել: «ԲՀԿն դէմ չի քուէարկում, որպէսզի կառավարութեանը հնարաւորութիւն տայ լուծել հետագայ խնդիրները: Եթէ ԱԺ ոչ իշխանական ուժերից բաղկացած քառեակն այս հարցով արտահերթ նիստ հրաւիրելու ստորագրահաւաք անցկացնի, ԲՀԿն կը միանայ այդ նախաձեռնութեանը», յայտնեց Զոհրաբեան:
Ձեռնպահ քուէարկեցին նաեւ Օրինաց Երկիր կուսակցութիւնն ու Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, իսկ դէմ քուէարկեցին ՀԱԿն ու «Ժառանգութիւնը»:
Ազգային ժողովի տնտեսական հարցերու մնայուն յանձնաժողովի ՀՀԿական նախագահ Վարդան Այվազեան յայտարարեց, որ կը զարմանայ, թէ ինչո՞ւ քառեակի անդամները դէմ ու ձեռնպահ կը քուէարկեն: Ան նշեց, որ նոր օրէնքով պարտադիր բաղադրիչը փաստօրէն կը վերածուի կամաւորի, գործատուները ազատ կը կացուցուին տուգանքներէն։ «Ինչի՞ն են դէմ, ինչի՞ն են ձեռնպահ, անհասկանալի է», նշեց ան։
Ազգային ժողովի ընկերային հարցերու մնայուն յանձնաժողովի ՀՀԿական նախագահ Յակոբ Յակոբեանը յայտարարեց. «Եթէ մենք էլ դէմ կամ ձեռնպահ քուէարկենք, կը ստացուի Յունուարի մէկից տոյժ-տուգանքների հաշուարկում, հասարակութեան լարուածութիւնը կը մեծանայ: Դուք քառեակով ինչի՞ համար էինք պայքարում, հայերէն ասած՝ չգիտեմ: Ես կարծում եմ, որ երէկ ձեր մօտեցումն աւելի ճիշդ էր, ի՞նչ փոխուեց ձեր մօտ գիշերը»:
ՀՅԴ անդամ Աղուան Վարդանեան ըսաւ, որ իրենք ձեռնպահ կը քուէարկեն, որպէսզի կառավարութեան կարելիութիւն տան հետագային ալ խնդիրները լուծելու: «Յաջողութիւն ձեզ», մեծամասնութեան դիմեց Աղուան Վարդանեան:
ՀԱԿ խմբակցութեան անդամ Հրանտ Բագրատեան ըսաւ, որ ինքն ալ ձեռնպահ պիտի քուէարկէ, բայց վստահ է՝ աշնան խնդիրը աւելի պիտի սրի: «Դուք հասկացէք, որ վեց ամիս յետոյ սա ձնագնդիկի պէս հաւաքուելու է», զգուշացուց Բագրատեան: