ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Ուրբաթ, Մայիս 2ին, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ընդունեց ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ամերիկացի համանախագահ դեսպան Ճէյմզ Ուորլիքի այցելութիւնը։ Հանդիպումին ներկայ էին Ազգային վարչութեան անդամ Վահան Պզտիկեան եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կառավարական յարաբերութեանց վարիչ Թերեզա Երիմեան։
Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց պատուարժան հիւրին տուած այցելութեան ու հայ գաղութին հետ անոր երկխօսութեան համար, ինչպէս նաեւ գնահատեց իր առարկայական մօտեցումը եւ ճշմարտութեան յանձնառութիւնը։ Առաջնորդը մտահոգութիւն յայտնեց հայկական եկեղեցիներու, գերեզմաններու, պատմական յուշարձաններու եւ մշակութային կոթողներու աւերման առթիւ, որ պատճառ կը դառնայ հայկական ինքնութիւնը ջնջելու այն տարածքներէն, ուր դարեր շարունակ հայեր ապրած են։
Դեսպանը համաձայն գտնուեցաւ, որ այս քանդումները մտահոգիչ են, եւ միջոցներ պէտք է առնուին պահպանելու համար մշակութային ժառանգութիւնները։ Իսկ Արցախի հարցին անդրադառնալով՝ ան հաստատեց, որ թէեւ շատ դժուար հարց է անիկա, սակայն ինք կը յուսայ, որ իսկական բանակցութիւններով կարելի ըլլայ լուծման յանգիլ. ան հաստատեց իր յանձնառութիւնը՝ մնայուն խաղաղութեան եւ ապահովութեան հասնելու համար։
Առաջնորդը շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպանի ճիգերուն համար եւ աւելցուց, թէ սփիւռքահայութիւնը ունի մտահոգութիւններ ու ակնկալութիւններ, որոնք պէտք է նկատի առնուին։ Այս աոիթով, սրբազանը յարգելի հիւրին յանձնեց արուեստագէտ Հրայր Բազէի «Երկիր 2 Երկիր» նկարչական ալպոմը եւ Ճափոնի մօտ Հայաստանի անդրանիկ Հանրապետութեան դեսպան Տայանա Աղաբեկ Աբգարի «From the Book of One Thousand Tales; Stories of Armenia and its People, 1892-1922» գիրքը։
Յայտնենք, որ Հինգշաբթի, Մայիս 1ին, առաջնորդը ներկայ գտնուեցաւ Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած Ուորլիքի հետ յատուկ ընդունելութեան, որ տեղի ունեցաւ Հայ մշակութային հիմնարկութեան Կլենտէյլի կեդրոնին մէջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.