ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Վարչապետ Էրտողանի ցաւակցական ուղերձը շարունակ խօսիլ կու տայ իրեն մասին, բայց այդ ուղերձը, գնահատանքի ու քննադատութեանց կողքին, իրեն հետ կը բերէ նաեւ ուշագրաւ դիտողութիւններ։ «Ռատիքալ»ի մէջ Պասքըն Օրան իւրայատուկ մեկնաբանութիւն մը կատարած է վարչապետի ուղերձին կապակցութեամբ:
Օրան դիտել կու տայ, որ Էրտողան այս ուղերձը հրատարակեց այնպիսի շրջանի մը, երբ Թուրքիոյ ներքին քաղաքական կեանքը անօրինակ փոթորիկներ կ՛ապրէր եւ ինք՝ Էրտողան, քանի մը ճակատի վրայ հարցեր ունէր: Օրան շատ գնահատելի եւ ամէն բանէ առաջ շնորհաւորելի կը գտնէ ուղերձը։ «Կայսեր իրաւունքը պէտք է տանք կայսեր», կը գրէ ան, բայց կ՛աւելցնէ, որ պէտք է լաւ ուսումնասիրել ըսուածը։
«Էրտողան ըսաւ, որ Թուրքիոյ արխիւները բացուած են։ Կա՞յ մէկ հոգի, որ կարենայ ըսել, թէ այդ արխիւները կատարեալ մաքրագործումէ մը չեն անցած։ Պէտք կա՞յ յիշեցնելու, որ այդ շրջանին, երբ յայտնի դարձաւ, որ պատերազմը կորսնցուցած էինք, Վոսփորի ապարանքներէն մէկուն մէջ ամբողջովին կրակի տրուեցան իթթիհատականներուն արխիւները։ Թալէաթ փաշան ալ իր հրահանգները կու տար իր տան մէջ հաստատուած հեռագիրի յատուկ կապի մը միջոցով», կը գրէ ան։
Պասքըն Օրան նաեւ կ՛աւելցնէ, թէ Աստուած կ՛ընդունի ցաւակցութիւն յայտնողները, բայց Էրտողան հայերուն ցաւակցութիւն կը յայտնէ այնպէս, ինչպէս ցաւակցութիւն կը յայտնէր նաեւ Օսմանեան կայսրութեան միւս հայրենակիցներուն։ Օրան այս մէկը ամօթալի կը նկատէ, որովհետեւ Օսմանեան կայսրութեան քաղաքացիները սպաննուեցան օտար թշնամիներու կողմէ, մինչդեռ հայերը սպաննուեցան իրենց երկրի իշխանութիւններուն կողմէ:
Իր յօդուածին վերջաւորութեան, Պասքըն Օրան կը յիշեցնէ, թէ պատմաբաններու յանձնախումբ մը կազմելու Էրտողանի առաջարկը հայերուն կողմէ ընդունելի չեղաւ, որովհետեւ այսպիսի յանձնախումբի մը կազմութիւնը կը նշանակէ ըսել, թէ 1915ի ջարդերը Ցեղասպանութիւն չէին, այլ՝ պատերազմական շրջանի փոխադարձ սպանութիւն։ Պասքըն Օրան անտրամաբանական կը նկատէ փոխադարձ սպանութեանց վարկածը՝ նշելով, որ աշխարհի որեւէ մէկ կէտին վրայ տեսնուած չէ, թէ փոքրամասնութիւն մը սպանդի ենթարկէ մեծամասնութիւնը։
«Այսպիսի պնդում մը ծաղրանք է։ Հայերը եթէ Անատոլուի հողերուն վրայ այնքա՛ն ցրուած, տկար ու փոքրամասնութիւն չըլլային, ապա քանի մը հազար զինուորներու առաջնորդութեամբ մէկ ու կէս միլիոննոց ժողովուրդ մը կարելի կ՛ըլլա՞ր տանիլ մինչեւ Տէր Զօր», կը գրէ Օրան՝ յիշեցնելով, թէ կը խօսուի նաեւ զոհերու թոռներուն համար Թուրքիոյ հայրենակցութեան իրաւունք ճանչնալու մասին։ «Բայց ինչի՞ պիտի ծառայէ ասիկա։ Անոնք պիտի կարենա՞ն տէր դառնալ իրենց կորսնցուցած կալուածներուն», հարց կու տայ ան։
Պասքըն Օրան կ՛եզրակացնէ, որ հակառակ ամէն բանի, Էրտողան լաւ գործ մը տեսած է, սակայն թէ ինչո՞ւ ըրած է այդ լաւ գործը՝ մօտ օրէն յայտնի կը դառնայ, իսկ մինչ այդ՝ կարելի է շնորհաւորել զինք։ «Այլեւս ասկէ վերադառնալ չկայ», կ՛աւարտէ ան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.