
Հայոց Ցեղասպանութիւն… 99 երկար տարիներու անարդար անտեսում ու մերժում…:
100ամեակի նախաշեմին…
Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Ազգ. վարժարանի մեծ ընտանիքը վերջին տարիներուն ներքին դպրոցական աւանդոյթ դարձուցած էր Ապրիլ ամիսը՝ ձեռային եւ գեղարուեստական զանազան աշխատանքներով, նուիրել Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու արժանի յիշատակին:
Ապրիլ 22ի առաւօտեան, կարգ մը ուսուցիչներու առաջնորդութեամբ 6-7 եւ 8րդ կարգի աշակերտները այցելեցին Մոնթեպելլօ գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանը, ուր գեղարուեստական հանդէսով եւ Հայ աշակերտի ուխտով ծաղիկներ զետեղեցին ու իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին նահատակներու յիշատակին:
Ապրիլ 23ի առաւօտեան, վարժարանի շրջափակին մէջ խորհրդաւոր լրջութեամբ հաւաքուած էին մանկապարտէզի, նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտները, որոնք առաւօտեան աղօթքն ու աշակերտական ուխտերը կատարելէ ետք ունկնդրեցին օրուան պատգամը՝ Սոնա Մատարեանին կողմէ: Ան յստակօրէն շեշտը դրաւ հայ աշակերտի ազգային գիտակցութեան, պատկանելիութեան եւ նախնիներու մշակութային ժառանգի պահպանման վրայ, որ առնչուած է հայօրէն ապրելու, մտածելու ու գործելու հետ, որովհետեւ՝ «ունինք հարուստ պատմութիւն ու մշակոյթ, ուրեմն՝ հպարտանանք մեր ազգային արմատներով ու փոխանցենք զայն մեզի յաջորդող սերունդներուն», պատգամեց ան: Ապա յիշատակութեան արժանի դարձան ընթացիկ ամսուան միջդպրոցական Հայոց պատմութեան Arm.Timeline-ի մրցումին մասնակից աշակերտները, որոնք առաջին հանդիսանալով՝ առաւել հպարտութիւն պատճառեցին բոլորին:
Ապրիլեան յիշատակութեան առիթով, «Փիլիպոս»ի մէջ կազմուած մետաղեայ ծառը խորհրդանիշ դարձաւ Հայ Դատի հետապնդման ուխտին ու խոստումին: Իսկ երկրորդական կարգի աշակերտները Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին հոգեհանգիստի մասնակցեցան:
Միօրեայ ծրագիրը կը շարունակուէր…
Կէսօրէ ետք վարժարանիս մարզասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ոգեկոչման հանդիսութիւն՝ ներկայութեամբ Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեանի, Հրանդ Երէցեանի, վարժարանի տնօրէնուհի դոկտ. Ալինէ Դուրեանի, ուսուցչակազմին եւ համայն աշակերտութեան: Վարժարանիս Ապրիլեան յանձնախումբին կողմէ բծախնդրօրէն պատրաստուած սոյն յայտագիրը սկսաւ 5րդ կարգի աշակերտութեան կողմէ կատարուած Հայաստանի ու վարժարանի քայլերգներով եւ հայերէն երգերու ծաղկաքաղով մը՝ Լուսինէ Գալստեանի առաջնորդութեամբ: Հայերէն լեզուով օրուան պատգամը փոխանցեց Սօսի Մարկոսեան, որ համապարփակ ու պատշաճ խօսքերով բացատրեց աշխարհի անարդար կեցուածքը Հայոց Ցեղասպանութեան հանդէպ՝ յորդորելով աշակերտները շարունակել պահանջատիրութեան եւ ազգային ակունքներուն կառչած մնալու սրբազան գործը: Ապա անգլերէն լեզուով Ճենիֆըր Շամոյեան շեշտեց «Փիլիպոսի արծիւ»ին ճախրանքի խորհուրդը, հասնելու համար արդարութեան բարձունքները: Յաջորդաբար 7րդ կարգէն աշակերտներ ընթերցեցին խօսքեր՝ իրենց իսկ ապրումներն ու մտածումները ներկայացնող, արտայայտելով հայ աշակերտին ընդվզումը անարդարութեան հանդէպ եւ պաշտպանութիւնը Հայ Դատին:
Հայ երաժշտութիւնն ու երգը պանծացին «Զարթիր որդեակ» եւ «Բարի արագիլ»ով:
Կասիա Մահսէրէճեանի բծախնդիր պատրաստութեամբ եւ 8րդ կարգի աշակերտներու դերակատարութեամբ ներկայացուեցաւ Սիամանթոյի «Պարը» կենդանի պատկերը, որ «Տըլէ Եաման»ով ու Շիրազի «Երազ»ով քարացուց հանդիսատեսը… Հասաւ վերածնունդը՝ Վահան Թէքէեանի «Հաւատում Եմ Քեզ» քերթուածի խմբային արտասանութեամբ՝ 9րդ կարգէն աշակերտներու կողմէ. անիկա յոյս եւ վերապրում ներշնչեց բոլորին:
Փակման բաժինը աւելի եւս խորհրդանշական ու տպաւորիչ դարձաւ, երբ յաջորդաբար բեմ հրաւիրուեցան վարժարանի տատիկներէն Կարինէ Վարոսեան, դոկտ. Ալինէ Դուրեան, աւարտական աշակերտ Շահան Աթմաճեան եւ մանկապարտէզի աշակերտուհի Սոֆի Պարտագճեան, որոնք որպէս իրերայաջորդ սերունդի ներկայացուցիչներ՝ վառուած մոմը իբրեւ «լոյս» փոխանցեցին իրարու եւ իրենց սրտի խօսքը արտասանեցին, ապա քահանային առաջնորդութեամբ, Ցեղասպանութեան 99րդ տարելիցը խորհրդանշող 99 աշակերտներ՝ մոմերով շքախումբ կազմած՝ հաւաքուեցան վարժարանի շրջափակը զետեղուած յիշատակի ծառին շուրջ եւ աղօթքով անգամ մը եւս իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին:
Հայ դպրութեան վառ ջահը «Փիլիպոս»էն ներս անգամ մը եւս Ապրիլ 24ին իր դրոշմը դրաւ հայ աշակերտին առօրեայ մտապատկերին վրայ:
Փառք ու պատիւ հայ վարժարանի հայրենասիրական ու ազգային ոգիի ու նուիրումի դաստիարակութեան:
(Հաղորդագրութիւնը՝
Վարժարանէն)