ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– 2013ի սկիզբը Հայաստանի մէջ գործող 8 մանկատուներուն մէջ, որոնց 6ը պետական, 2ը՝ ոչ պետական, խնամուած է 909 երեխայ, որոնցմէ 448ը՝ աղջիկներ: Տարեվերջին մանկատուներուն մէջ կային 927 երեխաներ՝ 438ը աղջիկներ:
Տարուան ընթացքին, ըստ նոյն աղբիւրին, մանկատուներէն դուրս եկած է 212 երեխայ, որոնց 53ը վերադարձած են հարազատներուն մօտ, 64ը տեղափոխուած են այլ մանկատուներ, 50ը որդեգրուած է, իսկ 15ը, ցաւօք, մահացած: Մահացածներէն կէսը՝ 7 երեխայ, եղած են մինչեւ 1 տարեկան տարիքային խումբին մէջ, իսկ 4ը՝ 1-6 տարեկան:
Աղբիւրին համաձայն՝ 2013ին մանկատուներ ընդունուած են 230 երեխաներ, որոնց միայն 32ը եկած են այլ մանկատուներէ:
Որքան ալ պետութիւնը կը պայքարի մանկատուներուն մէջ երեխաներու տեղաւորման դէմ եւ որդեգրած է այդ հաստատութիւններու բեռնաթափման քաղաքականութիւն, այդուհանդերձ ատիկա ոչ մէկ ձեւով կ՛ազդէ մանկատուն բերուող երեխաներուն վրայ: Որպէս համեմատութիւն յիշենք, որ թէ 2013ին մանկատուներ ընդունած է 230 երեխայ, ապա 2012ին այդ թիւը 20ով աւելի քիչ էր։ Մանկատուներու երեխաներուն մեծամասնութիւնը կը շարունակէ մնալ հաշմանդամութիւն ունեցող երեխաները: 927 երեխաներէն, որոնք մանկատուներուն մէջ հաշուըւած են 2013ին, 475ը հաշմանդամութիւն ունեցող երեխաներ են:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.