ԱՆԳԱՐԱ.- Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի ղեկավարութեամբ Հինգշաբթի, 1 Մայիսին, Անգարայի մէջ կայացած է Թուրքիոյ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստը:
Ըստ թրքական «Սոնտաքիքա» լրատուական կայքին՝ ժողովի օրակարգին վրայ եղած է նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի նկատմամբ Թուրքիոյ յետագայ քաղաքականութիւնը:
Նիստին ընթացքին նաեւ քննարկուած են ներքին եւ արտաքին զարգացումներ, Եգիպտոսի մահապատաժի դատավճիռը, Սուրիոյ ներքաղաքական վիճակը, ինչպէս նաեւ Կիւլէնի հարցը: Քննարկուած են նաեւ Քրտական Աշխատաւորական կուսակցութեան (PKK) հետ կապուած հարցեր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.