
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 26 Ապրիլին մեկնարկած է «Ընտանիքի ընկեր» ծրագիրը, որուն նպատակն է Սուրիոյ հակամարտութեան պատճառով տեղահանուած 45 ընտանիքներու եւ տեղացի հայ ընտանիքներու միջեւ անմիջական ու ընկերական յարաբերութիւններու հաստատման աջակցիլ։
Ծրագիրը նախաձեռնած է ՄԱԿի Գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի հայաստանեան գրասենեակը՝ Միացեալ Նահանգներու ֆինանսական աջակցութեամբ: Ծրագիրը կը գործադրէ «Կազա» զուիցերիական մարդասիրական հիմնադրամը:
Ծրագիրի հանդիսաւոր բացումը տեղի ունեցած է «Կազա» հիմնադրամի «Էսպաս» երիտասարդական կրթամշակութային կեդրոնին մէջ: Զարինէ Յարութիւնեան՝ հիմնադրամի ծրագիրի պատասխանատուն, բացատրած է. «Հիւրընկալող ընտանիքները կապ կը հաստատեն տեղահանուած ընտանիքների հետ, եւ քաջատեղեակ լինելով երկրի եւ հասարակութեան առանձնայատկութիւններին, կ՛ուղղորդեն եւ կ՛աջակցեն նոր ժամանած ընտանիքներին գործնական խորհուրդներով եւ անհրաժեշտ տեղեկատուութեան տրամադրմամբ: Ընտանիքները նաեւ միմեանց հետ ազատ ժամանակ կ՛անցկացնեն, միասին կ՛այցելեն մշակութային եւ տեսարժան վայրեր»:
«Ծրագիրը մի կողմից մեծ հնարաւորութիւն ունի նպաստելու տեղացի հայերի եւ Սիրիայում հակամարտութեան պատճառով տեղահանուած ընտանիքների միջեւ միջմշակութային երկխօսութեան ամրապնդման, միւս կողմից մեր երկրում փոխօգնութեան մշակոյթի զարգացման», յայտնած է «Կազա» հիմնադրամի տնօրէն Անահիտ Մինասեանը:
Իր ողջոյնի խօսքին մէջ ՄԱԿի Գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի հայաստանեան գրասենեակի պատասխանատու Քրիստոֆ Պիերուիրթ նշած է. «Տեղահանուած բնակչութեան պաշտպանութիւնը եւ անոնց համարկումը բարդ եւ բազմակողմանի գործընթաց է: Համապատասխան կարգավիճակի եւ փաստաթուղթերու, կացարանի, աշխատանքի կարելիութեան տրամադրումը եւ բազմաթիւ այլ գործընթացներ ի հարկէ կարեւոր են, սակայն իւրաքանչիւր գաղթականի համար առաւել կարեւոր է տուեալ երկրին մէջ տրամադրուած ապաստանը դարձնել իրենց համար հարազատ տուն»:
«Հակամարտութեան պատճառով իրենց հարազատներն ու սիրելիները լքած մարդոց համար շատ կարեւոր է ընդունուած զգալ, նոր միջավայրին յարմարելու համար օգնութեան հնարաւորութիւն կամ խորհրդատուական աջակցութիւն գտնել, ինչ որ, սակայն, կարելի չէ իրականացնել տեղեկատուական գրքոյկներու կամ պաշտօնական դասընթացքներու միջոցով: «Ընտանիքի ընկեր» ծրագիրին նպատակը այդ աջակցութեան տրամադրումն է», ըսած է Պիերուիրթ:
Ան շնորհակալութիւն յայտնած է «Կազա» հիմնադրամի կամաւորներուն՝ իրենց ներգրաւուածութեան համար եւ աւելցուցած, որ ծրագիրը միայն մէկ նպատակ չի հետապնդեր: «Գաղթականները եւ այլ տեղահանուած անձեր իրենց հետ Հայաստան բերած են հարուստ փորձառութիւն, գիտելիքներ եւ հմտութիւններ, որոնք կրնան օգտակար ըլլալ հիւրընկալող համայնքներուն ու ընտանիքներուն եւ մեծապէս նպաստած անոնց զարգացման: Այս ներուժը պէտք է անպայմանօրէն օգտագործել», նշած է Պիերուիրթ: Ան ծրագիրի բոլոր մասնակիցներուն մաղթած