ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Այս տարուան առաջին եռամսեակին Հայաստանի ամէնէն մեծ հարկատուն «Գազպրոմ Արմէնիա» ընկերութիւնն է: Հայաստանի պետական եկամուտներու կոմիտէի հարկային ծառայութիւնը հրապարակած է 2014 թուականի առաջին եռամսեակի 1000 մեծ հարկատուներուն ցանկը, զոր կը գլխաւորէ «Գազպրոմ Արմէնիա»ն: Այս ընկերութիւնը 2014ի առաջին եռամսեակին պետական պիւտճէին վճարած է 17,738 միլիառ դրամի հարկեր եւ տուրքեր:
Նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին հետ բաղդատելով՝ «Գազպրոմ Արմէնիա» ընկերութեան վճարած հարկերուն քանակը աւելցած է 4463 միլիառ դրամով կամ 33.6 տոկոսով:
Մեծ հարկատուներու ցանկի երկրորդ հորիզոնականին վրայ է նշանաւոր գործարար, ՀՀԿ խմբակցութեան պատգամաւոր Սամուէլ Ալեքսանեանի «Ալեքս Գրիգ» ընկերութիւնը: Եռեակը կ՛եզրափակէ «Արմենտել» ընկերութիւնը:
Առաջին տասնեակին մէջ տեղ գտած են նաեւ Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային գործարանը, վառելիքի «ֆլեշ», CPS ընկերութիւնները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.