ԵՐԵՒԱՆ.– 30 Ապրիլին կառավարութեան հաստատման պիտի ներկայացուի «Սփիւռքի հայկական կրթական հաստատութիւններին ուսումնական գրականութեան եւ օժանդակ նիւթերի մշակում եւ տրամադրում» ծրագիրի 2014 թուականի ֆինանսաւորման չափը: Ընդհանուր առմամբ, անիկա կը կազմէ 80 միլիոն դրամ:
Այս ծրագիրով նախատեսուած է 2014 թուականին Սփիւռքի հայկական կրթական հաստատութիւններուն համար իրականացնել 46 հազար միաւոր տպագրութիւն, բացի թերթերէն: Այս նպատակով կը նախատեսուի պետական պիւտճէէն տրամադրել 62 միլիոն դրամ: 16 միլիոն դրամ պիտի տրամադրուի պատրաստի կիրառական ծրագրային ապահովման հրատարակութեան ծառայութիւններուն համար: Կը նախատեսուի 8 միլիոն դրամով ձեռք բերել 2500 ելեկտրոնային նիւթեր, 6 միլիոն դրամով՝ 6 միաւոր ուսումնական նիւթեր ստեղծել եւ այս ծրագիրի սպասարկման ու համակարգման համար ստեղծել աշխատանքային 2 պաշտօն՝ իւրաքանչիւրին համար ծախսելով 1ական միլիոն դրամ:
Մէկ միլիոն դրամ պիտի արժէ ստեղծուած 2000 քիլոկրամ արտադրութիւնը տեղ հասցնելը՝ ցամաքի ճամբով բեռնափոխադրման ծառայութիւններուն համար, եւս 1 միլիոն դրամ՝ պահեստաւորման ծառայութիւններուն համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.