ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».– Աւարտեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հայաստանեան կառոյցի Գերագոյն ժողովը, որուն ընթացքին ընտրուեցաւ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինը: Գերագոյն ժողովին ընթացքին քննարկուած հարցերուն եւ այլ մանրամասնութիւններու մասին Դաշնակցութեան ներկայացուցիչները աւելի ուշ պիտի տան մամլոյ ասուլիս մը, սակայն յստակ է, որ ժողովը վերահաստատած է Գերագոյն մարմինի՝ 17 Ապրիլի որոշումը, որով յայտարարուեցաւ, որ Դաշնակցութիւնը մաս պիտի չկազմէ նոր ձեւաւորուող կառավարութեան։
Յիշեցնենք, որ Գերագոյն Մարմինը որոշած էր՝ «հետեւել իշխանութեան եւ կառավարութեան գործողութիւններին, նրանց հանդէպ վերաբերմունքն ու գործակցութեան ձեւաչափը պայմանաւորել առաջարկուած փաթեթի իրագործման աստիճանով»: Դաշնակցութեան յայտարարութեան մէջ նշուած էր, որ կուսակցութեան նպատակը եղած է ու կը շարունակէ մնալ Հայաստանի պետականութեան հզօրացումը, մեր քաղաքացիներու արժանապատիւ, բարեկեցիկ կեանքը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.