ԳԱՐԵԳԻՆ ՔՀՆՅ. ՊԵՏՈՒՐԵԱՆ
2009 թուական՝ Ծաղկազարդ։
Հինգ տարիներ առաջ, Ապրիլ ամսու Ծաղկազարդեալ Կիրակին, որպէս նորաօծ քահանայ, ծնած ու սնած գիւղիս գրկաբաց թեւերուն մէջ կը գտնուէի։ Այնտեղ, ուր հոգիս ու էութիւնս թռիչք ստացած էին ու այդ հողին աւիշով կերտուած։ Այնտեղ ամէն բան մաքուր էր ու անմեղ, կենսատու էր ու նուիրական։ Դրախտանման Քեսապի՝ Սուրբ Աստուածածին դարաւոր ու պատմական եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ, ուր սուրբ մկրտութեամբ, սուրբ պսակով ու քահանայական սուրբ օծումով շնորհուած՝ Անդրանիկ պատարագս մատուցեցի։ Ահաւասիկ այս գիւղին մէջ ծնունդ առաւ ամէն բան, որ կեանքի հոլովոյթին մէջ ամէնէն իմաստալից ու մնայուն արժէքներն են։
Արեւոտ էր այդ առաւօտը, բոլոր գիւղը կանուխէն արթնցած, մանուկները արդէն շաբաթներ առաջ պատրաստուած իրենց գեղեցիկ հագուստներով, որոնք յատկապէս Ծաղկազարդի օրուան համար գնուած էին, իրենց սիրտերուն անբծութիւնը սպիտակ մոմերու հետ շաղախուած, կը պատրաստուէին մանուկներու թափօրին։
Առաջին անգամն էր, որ սուրբ պատարագ պիտի մատուցէի ու անդրանիկ պատգամ փոխանցէի, այն ժողովուրդին, որմէ ծնած էի եւ հիմա պահն էր տալու այն, ինչ որ աննիւթական էր ու մնայուն։ Եկեղեցին լեցուն էր մանուկներու ձայներով, ծնողներու ու մեծ ծնողներու ներկայութեամբ։ Հայատրոփ մեր գիւղը կ՛ապրէր ուրախ ու տօնական մթնոլորտ, որովհետեւ կը տօնախմբէր իր Տիրոջ յաղթական մուտքը Երուսաղէմ։
Հինգ տարիներ ետք երբ կը գտնուինք Աւագ Շաբթուան մէջ, մեր մտքերը կը սաւառնին հասնելով Քեսապ ու անոր սրբավայրերը։ Յանկարծ դէմ յանդիման կը գտնուինք սոսկալի իրականութեան մը, որ անբուժելի վէրք մըն է իւրաքանչիւր հայու սիրտին ու հոգիին մէջ, որ այս օրերուն որպէս համայն հայութիւն իր աչքերը սեւեռած է Կիլիկեան մեր հնամեայ աւանին ու սրտառուչ կը մասնակցի անոր ամէնօրեայ ցաւին։
Հինգ տարիներ ետք, մեր ծննդավայրը վերածուած է աւազակներու կեդրոնի, ենթարկուած է կողոպուտի ու պղծուած է չարանենգ հորդաներով։ Քեսապի աղօթաբոյր եկեղեցիները դատարկուած են իրենց հաւատաւոր ուխտաւորներէն, որոնց աղօթքներն ու բարեմաղթանքները օրհնութիւններ բերած են սերունդներուն եւ դարաւոր հողին։ Ծառերուն նոր ծիլ տուած ծաղիկները միշտ զարդարած ու գեղեցկացուցած են բնութիւնը, յոյս տալով տքնաջան ժողովուրդին, թէ բերքը առատ պիտի ըլլայ ու արգասիքը՝ օրհնեալ։
Այս տարի Քեսապէն ակամայ բացակայ են իր հաւատացեալ զաւակները, որովհետեւ այնտեղ են տիեզերքի արարիչ Աստուծոյ ու անոր կամքին ու պատկերին հակառակորդները, որոնք միայն մահուան սարսափը գիտեն տարածել։ Դատարկ են աղօթատեղիներն ու բնակարանները, սակայն անոնք չեն լքուած, դատարկ են վարժարաններն ու կեդրոնները, սակայն անոնք չեն մոռցուած, անջուր ու անխնամ մնացած են արտերը, սակայն անոնց ծառերն ու տունկերը չեն մեռած… Անոնք կը սպասեն իրենց տէրերուն, վստահ ըլլալով անոնց վերադարձին։ Անոնք իրաւունք չեն տար ոսոխին, որ գայ ու բոյն դնէ արդէն շատոնց այնտեղ հաստատուած իրաւատէրերուն փոխարէն։
Քեսապցին այս տարի ալ կ՛աղօթէ, ուր որ ալ գտնուի, որովհետեւ ան իր հոգիին մէջ կը կրէ իր ծննդավայրը ու այն բոլոր յիշատակները, որոնցմով ան կերտուած է ու պիտի մնայ անոր ժառանգորդը։ Իւրաքանչիւր հայ, բոլոր քեսապցիներուն հետ միատեղ, կ՛աղօթէ որ այս տարուան Ծաղկազարդը, Աւագ Շաբաթն ու Քրիստոսի Յարութիւնը բերեն խաղաղութիւն եւ կեանք, կանաչութիւն ու յոյս։
Մանուկները իրենց մոմերը վառած խնդրեցին լուսաւորութիւն բոլոր խաւարամիտ միտքերուն ու հոգիներուն։ Դռնբացէքի արարողութեան ժամանակ, երբ հոգեւորականը երգեց «Բա՜ց մեզ Տէր…», այնտեղ բոլոր մանուկներուն ու մեծահասակներուն կողմէ խն-դրեց Աստուծմէ, որ բանայ մեր դիմաց կեանքի դռները, արդարութեան ու խաղաղութեան դռները…
Վիրաւոր մեր ժողովուրդի զաւակները իրենց խոցուած սիրտերով միահամուր կը հառաչեն առ Քրիստոս, որ արժանի ընէ մեզ կեանք ունենալու, կեանք մը՝ որ դարեր շարունակ նահատակութեան ու մարտիրոսացումի կեանք մը եղած է։ Աշխարհը իր արդարութեամբ ոչինչ կրնայ իրագործել մինչեւ այն ատեն, որ Աստուծոյ արդարութեան դիմաց իր ականջներն ու աչքերը կը փակէ։
Տառապեալ մեր ժողովուրդին ցաւը ու գողգոթայի ճանապարհը այլեւս բարձրաձայն կ՛աղաղակէ՝ ըսելով. «Ո՜վ մարդկային արդարութիւն, ձայն տուր Աստուծոյ արդարութեան…»։ Խաչի ճանապարհէն ընթացող մեր ժողովուրդին յոյսը իր խաչեալ Տէրն է, որ պիտի յարուցանէ մեզ ազգովին, պիտի արժանացանէ մեր տառապեալ ժողովուրդը այն ուրախութեան, որ ոչ ոք կրնայ մեզմէ խլել։ Պիտի տօնենք Սուրբ Յարութեան տօնը, այս անգամ առաւել եւս զօրացած ու գօտեպնդուած։ Մեր նախնեաց հաւատքը այս է, զոր կ՛աւանդէ մեզի։
Կեանքի փոթորիկները երբեք չեն ընկճած ու պիտի չընկճեն մեզ, ալեկոծ ովկիանները երբեք պիտի չխեղդեն մեզ, անարդար ձեռքերը երբեք պիտի չշղթայեն մեր կամքն ու ազատութիւնը։
Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց՝ մեր յարուցեալ ժողովուրդին։
…եւ քեսապցի մեր հայրենակիցներուն՝ Շնուֆուր ձիր Զետէյը։
Օրենճ Քաունթի