![SurpazanNewOFFICIAL2009[1]](https://asbarez.com/App/Asbarez/arm/2014/04/SurpazanNewOFFICIAL20091-240x300.jpg)
«Լա՛ւ Գիտցէք Թէ Դուք Պիտի Լաք Ու Ողբաք, Բայց Աշխարհը Պիտի Ուրախանայ.
Դուք Պիտի Տրտմիք, Բայց Ձեր Տրտմութիւնը Ուրախութեան Պիտի Փոխուի», (Յհ. 16:20)
Դարձեալ Ս. Յարութեան տօնի մթնոլորտը մեր էութիւնը կը լեցնէ վերանորոգման, խաղաղ յոյսի, բարիի եւ արդարութեան գերագոյն յաղթանակի ոգեւորող պատգամով:
Մեր Փրկչին՝ Յիսուսի Քրիստոսի երկրաւոր կեանքը եւ առաքելութիւնը, մատնութիւնը, ձերբակալութիւնը, դատավարութիւնը, խաչելութիւնը, որ գագաթնակէտին հասաւ իր Յարութեամբ, քաջալերող եւ սրտապնդող պատգամ մը եւս կու տայ մեզի, տրտմութիւնը ուրախութեան փոխելով:
Իր երկրաւոր կեանքի վերջալոյսին Յիսուս աշակերտները պատրաստեց յայտնելով, որ մօտ ատենէն իրենց հետ պիտի չըլլայ. «Մօտ ատենէն այլեւս պիտի չտեսնէք զիս, բայց կարճ ժամանակ մը ետք դարձեալ պիտի տեսնէք զիս», (Յհ. 16:16): Սակայն անոնք չհասկցան: Արդարեւ երկնաւոր վարդապետը կարճ ժամանակ մը ետք պիտի մատնուէր, ձերբակալուէր, դատուէր եւ խաչի մահուան պիտի դատապարտուէր: Եւ այս իսկ պատճառով անոնք տառապեցան եւ չկարողացան հասկնալ, թէ ինչ պիտի պատահէր իրենց սիրելի վարդապետին եւ Տիրոջ:
Աշակերտները անհուն տրտմութեան մէջ ինկան, որովհետեւ սիրելի վարդապետը այլեւս իրենց հետ պիտի չըլլար: Տրտմեցան այն իրողութեան համար, որ Ան պիտի ենթարկուէր այդպիսի հալածանքի եւ տառապանքի: Չարը բարիին պիտի յաղթէր: Մինչ անոնք կ՛արտասուէին եւ կ՛ողբային իրենց վարդապետին կորուստը, անդին աշխարհը, հրեայ քահանայապետները եւ իրենց գործակալները, կը հրճուէին իրենց կարծեցեալ յաղթանակին համար:
Ահա երրորդ օրը, կասկածն ու յուսահատութիւնը փոխուեցան անսահման ուրախութեան: Յիսուս յարութիւն առած էր: Ան ողջ էր. «Աշակերտները ուրախացան, տեսնելով իրենց Տէրը», (Յհ. 20:20): Այն ահաւոր տրտմութիւնը, որ քանի մը օրեր առաջ պատած էր իրենց էութիւնը վարդապետին չարչարանքներու եւ մահուան ժամանակ, իսկոյն ուրախութեան եւ ցնծութեան փոխուեցաւ, ի տես թափուր գերեզմանին եւ յարուցեալ Փրկչին: Քրիստոսի մահուան պատճառած ցաւը, իր հրաշափառ յարութեամբ դարձաւ աղբիւր ցնծութեան: Աշակերտները իրենց հաւատքին մէջ վերակենդանացան, նոր յոյսով եւ նոր նպատակով լեցուեցան: Ի մի բան, անոնք նոր մարդ դարձան եւ անվեհեր վկաները հանդիսացան մեր Տիրոջ եւ Փրկչին՝ Յիսուսի Քրիստոսի, Անոր լոյսն ու ճշմարտութիւնը տարածելով ամբողջ աշխարհին: Այլեւս պատճառ չկար տրտմելու: Իրենց տէրն ու վարդապետը ողջ էր եւ իրենց հետ էր այլեւս, եւ այս անգամ մշտականօրէն մինչեւ յաւիտեան: Այս բոլորը սակայն պիտի չպատահէին, եթէ երբեք ան խաչի տառապանքը չկրէր: Առանց մահուան ցաւին, յարութեան փառքը պիտի չյայտնուէր: Առանց ցաւի դառնութեան, պիտի չկարենայինք գնահատել ուրախութեան քաղցրութիւնը:
Սիրելի հարազատներ,
Տրտմութիւնն ու ցաւը կեանքի անբաժան մասն են, Յիսուս արդէն զգուշացուց ըսելով՝ «…Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք…», (Յհ. 16:33): Աշակերտներուն նման, մեզմէ իւրաքանչիւրը կեանքի փոթորիկներու կը հանդիպի: Յաճախ, յուսահատութեան տիղմին մէջ թաղուած, չենք կրնար ըմբռնել Աստուծոյ նպատակը մեզի համար: Սակայն իբրեւ հաւատաւոր քրիստոնեաներ, այն վստահութիւնը ունինք, որ մենք առանձին չենք տառապիր. պէտք է հաւատք եւ վստահութիւն ունենանք, որ Աստուած մեզի համար մեր երեւակայածէն աւելի մեծ բան վերապահած է: Յիսուս մահը զգետնեց, աշխարհին յաղթեց եւ իր յարութեամբը նոր կեանքի յոյսը եւ խոստումը տուաւ մեզի, որ յաւիտենական երջանկութիւն պիտի պարգեւէ բոլորիս:
Յարուցեալ Քրիստոս յաւիտենական ուրախութեան աղբիւրն է: Մեզմէ շատեր երջանկութիւնն ու ուրախութիւնը կը փնտռեն նիւթական եւ աշխարհիկ բաներու մէջ, որոնք թէեւ որոշ չափով երջանկութիւն կը բերեն, սակայն խաբուսիկ եւ ժամանակաւոր են: Խաչն է միայն ճշմարիտ ուրախութեան հիմը, որ ոչ մէկ ցաւի պատճառով չի սասանիր: Այո՛, Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ, թէ իրենց բաժանումը կարճ պիտի ըլլայ, թէ իրենց տրտմութիւնը ժամանակաւոր պիտի ըլլայ, սակայն ուրախութիւնը՝ յաւիտենական. «… դուք այժմ տրտմած էք, բայց ես կրկին պիտի տեսնեմ ձեզ եւ ձեր սիրտերը ուրախութեամբ պիտի լեցուին. ուրախութեամբ մը՝ որ ոչ ոք պիտի կարենայ խլել ձեզմէ», (Յհ. 16:22): Ոչ ոք եւ ոչ մէկ բան կրնայ խափանել այն իրողութիւնը, որ Քրիստոս մեզի համար յանձն առաւ եւ իրագործեց խաչին վրայ: Նոյն այս իրողութիւնը յաւիտենական է եւ անզուգական ուրախութիւն կը պարգեւէ, որ երբեք պիտի չնուազի:
Այսօր բոլորս ալ կրնանք արժանանալ յարուցեալ Փրկչին մեզի պարգեւած ամբողջական ուրախութեան, երբ մեր Տիրոջ հետ մնայուն հաղորդութեան մէջ ենք, մեր սիրտերն ու հոգիները իրեն բացած ենք եւ առանց ձանձրանալու շարունակ կ՛աղօթենք: Որովհետեւ ան մեզ յուսադրեց ըսելով. «Խնդրեցէք եւ պիտի ստանաք, որպէսզի ձեր ուրախութիւնը կատարեալ ըլլայ», (Յհ. 16:24):
Այսօր, մեր Փրկիչը Ս. Հոգիին միջոցաւ կը գործէ, որ մեզի հաւատք, ոյժ եւ համբերութիւն կու տայ կեանքի մեր պայքարները դիմագրաւելու եւ մեզի կը յիշեցնէ, թէ. «…ինչպէս որ իրիկուան հետ լացն ու արցունքը կը դադրին, սակայն առաւօտը կը բացուի ուրախութեամբ», (Սղ. 30:5):
Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս, դարեր առաջ իր աշակերտներուն տուած մխիթարական եւ քաջալերական նոյն խօսքերը այսօր եւս մեզի կու տայ: