
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին, դոկտ. Զաւէն Ա. քհնյ. Արզումանեանի նորագոյն գիրքերուն ներկայացումը տեղի ունեցաւ Մարտ 27ի երեկոյեան, առաջնորդարանի «Արմէն Համբար» դահլիճին մէջ: Շուրջ հարիւր գրասէր հասարակութիւն մը ներկայ գտնուեցաւ սոյն ձեռնարկին, որուն հանդիսավարն էր Նազիկ Գոճայեան: Ներկայ էին Վաչէ արք. Յովսէփեան, Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտըմեան, Յովսէփ Ա. քհնյ. Յակոբեան, Վազգէն քհնյ. Մովսէսեան, Զարեհ քհնյ. Մանսուրեան եւ Կլենտէյլի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Անտոն վրդ. Սարոյեան:
Երեկոյի գլխաւոր բանախօսն էր «Նոր Օր»ի խմբագրական կազմի անդամ եւ ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի Հայկական բաժանմունքի ատենապետ Հրաչ Սեփեթճեան: Ան խօսեցաւ տէր հօր գրական հարուստ վաստակին մասին՝ որպէս յարգուած եւ ճանչցուած հեղինակ՝ բազում գիրքերու: Սեփեթճեան անդրադարձաւ տէր հօր ունեցած խոր սիրոյն՝ հանդէպ հայ ժողովուրդի հարուստ պատմութեան եւ Հայց. եկեղեցւոյ սրբազան աւանդութիւններուն:
«Հայ Եկեղեցւոյ Բարձրաստիճան Հոգեւորականներ»ու Ա., Բ., Գ. հատորները ներկայացուց առաջնորդարանի քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ Մաշտոց Չօպանեան: Ան անդրադարձաւ տէր հօր կատարած աշխատանքին կարեւորութեան, որուն շնորհիւ միշտ կենդանի պիտի պահուի ականաւոր հոգեւորականներու յիշատակը:
Ապա գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիրը:
Առաջնորդին շնորհաւորական պատգամը ընթերցեց Յովսէփ Ա. քհնյ. Յակոբեան: Իր նամակին մէջ առաջնորդը կը շնորհաւորէր տէր Զաւէնը՝ հայոց պատմութեան, կանոններուն եւ Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ ուսուցումներուն նկատմամբ իր ունեցած հիացման համար, եւ յարատեւ յաջողութիւն մաղթեց անոր:
Զաւէն Ա. քհնյ. Արզումանեան շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդին, Թէքէեան Մշակութային Միութեան, գլխաւոր բանախօսներուն եւ երէցկին Ճոյս Արզումանեանին՝ իր կատարած խմբագրական բծախնդիր աշխատանքին համար: Տէր հայրը ապա ներկայացուց անգլերէնով իր հեղինակած վերջին գիրքը՝ «The Church of Armenia: Historiography, Theology, Ecclesiology, History, Ethnography»:
Վաչէ Սեմերճեան խօսեցաւ աւանդական գինեձօնի արարողութեան մասին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց հեղինակին՝ դրուատելով մնայուն արժէք ներկայացնող անոր գործերը: Տէր հօր հրաւէրով, աւանդական գինեձօնի արարողութեան մասնակցեցան հոգեւորականները եւ գլխաւոր բանախօսները:
Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն. ներկաները առիթ ունեցան անձամբ շնորհաւորելու տէր հայրը ու բարեմաղթութիւններ կատարելու: