
ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Թուրքիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ֆրենսիս Ռիքարտոնէ եւ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան փոխնախագահ Մեհմետ Ալի Շահին քննարկած են Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող բանաձեւի վաւերացման հարցը: Ըստ «TRT Haber»ին՝ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են նաեւ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները:
Դեսպանը վերջին 10 ամիսներուն ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով է որ կ՛այցելէր իշխող կուսակցութեան գրասենեակը: Հանդիպումը տեւած է մօտաւորապէս մէկ ժամ եւ հանդիպման աւարտին դեսպանը պատասխանած է լրագրողներու հարցումներուն: Ռիքարտոնէ շեշտած է երկու երկիրներուն միջեւ բարձր մակարդակի յարաբերութիւններու պահպանման անհրաժեշտութիւնը: