
ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Քալիֆորնիոյ մայրաքաղաք Սաքրամենթոյի մէջ Երկուշաբթի, Ապրիլ 7ին, աւելի քան 350 Հայ Դատի գործիչներու մասնակցութեամբ իրականացած Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Հայ Դատի օրուան նախաձեռնութիւններուն յաջողութեան մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած են Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի նախագահի պաշտօնակատար Քեւըն տը Լէոն եւ անոր անձնակազմը:
Մինչ Հայ Դատի օրուան նախապատրաստական աշխատանքները կը կատարուէին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը որոշեց դիմել Քալիֆորնիոյ օրէնսդիրներուն, որպէսզի նախորդ տարիներէն աւելի դիպուկ ու խիստ ոճով բանաձեւ մը պատրաստուի Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին: Այս դիմումին ընդառաջելով՝ տը Լէոն յանձն առած է անձամբ հեղինակել Ծերակոյտին ներկայացուելիք բանաձեւը ու անոր թիւ 21 բանաձեւը կը հանդիսանայ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանին ու Ծերակոյտին կողմէ ցարդ վաւերացուած ամենազօրաւոր բանաձեւերէն մէկը:
Ապրիլ 7ի Ծերակոյտի նիստը բացուեցաւ Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հայր Վահան քհնյ. Կոստանեանի պատգամով եւ աղօթքով, որմէ ետք տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն՝ կատարողութեամբ Սանթա Քլարայի ՀՄԸՄի «Անի» մասնաճիւղի սկաուտներուն:
Ապա, ծերակուտական տը Լէոն բեմ բարձրացաւ ներկայացնելու համար բանաձեւը: Ան նախ ողջունեց Հայ Դատի օրուան մասնակցիները ու շնորհակալութիւն յայտնեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին, այս նախաձեռնութեան մասնակցելուն համար: Թիւ 21 բանաձեւը ներկայացնելէ եւ անոր ի նպաստ քուէարկելու կոչ ընելէ ետք ծերակուտականներուն, տը Լէոն շեշտեց, թէ Քալիֆորնիոյ իշխանութիւնները պէտք չէ առիթ տան, որ անմարդկային բռնարարքներու ենթարկուած հայութեան ժառանգորդները ենթարկուին իրենց յիշողութեան դէմ երկրորդ բռնարարքի մը:
Բանաձեւին ի նպաստ ազդեցիկ ելոյթներ ունեցան նաեւ բանաձեւի համահեղինակ եւ Սպանախօսներու համախմբումի ատենապետ Ռիքարտօ Լարան, Սեւամորթներու համախմբումի ատենապետ Հոլի Միչըլ, Հրէական համախմբումի ատենապետ Մարթի Պլաք, ինչպէս նաեւ ծերակուտականներ՝ Մարք Ուիլընտ, Քերըլ Լիու, Թամ Պերիհիլ եւ Ճիմ Նիլսըն: Ելոյթ ունեցողները դատապարտեցին Ցեղասպանութիւնը ուրացողները, Ցեղասպանութեան դասաւանդման ի նպաստ արտայայտութիւններ ունեցան եւ զուգահեռներ գծեցին Հայկական Ցեղասպանութեան եւ Քեսապի վերջին իրադարձութեանց միջեւ:
Ծերակոյտին առջեւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին խօսքը փոխանցեց Կլենտէյլ քաղաքի քարտուղար Արտաշէս Քասախեանը՝ խօսելով Ցեղասպանութենէն վերապրած իր մեծ հօր մասին եւ կոչ ընելով Քալիֆորնիոյ քաղաքական ղեկավարներուն, որ քաջութիւն ունենան Ցեղասպանութեան ճշմարտութիւնը հաստատելու, դէմ դնելու համար զայն ուրանալ փորձողներուն եւ աջակցելու համար վնասուց հատուցում ապահովելու ջանքերուն: Ան մատնանշեց պատմութենէն դասեր սորվելու կարեւորութիւնը յատկապէս այս օրերուն, երբ Քեսապի հայութիւնը դարձեալ տարագրուած է, որպէսզի նման ոճիրներ չկր-կնուին ապագային:
Աւարտին, բանաձեւը վաւերացուեցաւ միաձայնութեամբ (35-0) եւ ծերակուտական տը Լէոն բանաձեւին մէկ օրինակը յանձնեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն:
«Շնորհակալութիւն կը յայտնենք ծերակուտական տը Լէոնին ու անոր անձնակազմին, որ արտակարգ աշխատանք կատարելով՝ ապահովեցին այս տարուան նախաձեռնութեան յաջողութիւնը: Յատուկ ուշադրութեան առարկայ կ՛ուզենք դարձել ծերակուտականին շրջանային վարիչի օգնական Պայծառ Թոմասեանին մատուցած կենսական օժանդակութիւնները: Ան յատկանշական ներդրում ունեցաւ նաեւ նահանգային խորհրդարանի շէնքին մէջ Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյց միութեան (Near East Relief) նուիրուած ցուցահանդէսին ու խումբ մը խորհրդարանականներու եւ ծերակուտականներու հիւրընկալութեամբ տեղի ունեցած ճաշի հիւրասիրութեան կազմակերպման մէջ: Այս վերջինը Հայ Դատի օրուան մասնակցիներուն եւ խորհրդարանականներուն միջեւ կարծիքներու փոխանակման յաւելեալ առիթ մը հանդիսացաւ», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Էլէն Ասատրեան:
Երկրորդելով Ասատրեանի խօսքերը՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան կ՛աւելցնէ. «Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը երախտապարտ է ծերակուտական տը Լէոնին, որ ամերիկահայութիւնը յուզող հարցերու նեցուկ կը կանգնի եւ առաջնորդողի դեր ստանձնած է: Խանդավառ ենք մեր գործակցութիւնը շարունակելով անոր հետ, երբ ան կը ստանձնէ Ծերակոյտի նախագահի պաշտօնը:
Գործակցութիւնը պիտի ըլլայ ոչ միայն Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման, այլ նաեւ Քալիֆորնիոյ կողմէ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչման, Հայկական Ցեղասպանութիւնը պետական վարժարաններուն մէջ դասաւանդելու ջանքերու ընդարձակման, Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով ձեռնարկներու կազմակերպման ու հայութիւնը բնաջնջումէ փրկելու նախաձեռնութեանց մէջ Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյց միութեան ջանքերը լուսարձակի տակ առնելու աշխատանքներուն գծով»: