
ՊԱՐՈՅՐ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Կը յիշուի, որ Իրաքի թագաւորական կարգերուն ընթացքին (1921-1958), կարճ ժամանակի մը համար, խորհրդարանի հայ կաթողիկէ պատգամաւոր մը եղած է: Իսկ հանրապետութեան շրջանին ոչ մէկ հայ, նոյնիսկ թեկնածու չենք ունեցած:
2003ին ստեղծուած նոր կարգերը իրենց հետ բերին (դեմոկրատական) նոր հասկացողութիւններ: Նոր սահմանադրութեան մէջ շեշտակիօրէն յիշուեցան փոքրամասնութիւններու իրաւունքները, որուն հետեւանքով, այլ եւ այլ հարցերու կողքին, խորհրդարանին մէջ ներկայացուելու հրամայականը:
Այս նոր կարգերու շրջանին, երրորդ խորհրդարանն է, որ պիտի կազմուի: Առաջինին մէջ ոչ մէկ հայ թեկնածու կար, իսկ երկրորդին՝ իրաքահայութեան քաջ ծանօթ Ատնան Նասրի Ալմաստեանի որդին՝ Ժագ Ատնան Նասրին արաբական ցանկի մը վրայ իր թեկնածութիւնը դրած էր, որը դժբախտաբար յաջողութիւն չունեցաւ:
Ներկայիս 2014ի երրորդ խորհրդարանին համար ներկայացուած են երեք հայեր՝ Ժագ Ատնան Նասրին՝ արաբական ցանկի մը վրայ, Ալեքս Թէրճանեան՝ նոյնպէս արաբական ցանկի մը վրայ, իսկ երրորդը՝ Լալա Օհաննէս Յովակիմ Պետրոսեանն է: Տիկ. Պետրոսեանը կը վայելէ հայ համայնքի եւ առաջնորդարանի զօրակցութիւնը, տրուած ըլլալով, որ ան գործունեայ, երիտասարդ եւ աշխոյժ անձնաւորութիւն մըն է, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Պասրայի մեր համայնքի ազգային, մշակութային, եկեղեցական, միութենական եւ երիտասարդական ձեռնարկներուն: Անդամ է Պասրայի Հայ երկսեռ երիտասարդաց միութեան եւ Պասրայի Հայ կարմիր խաչին: Ծնած է Պասրա, 1976ին, աւարտած է Պասրայի համալսարանը, որպէս ելեկտրականութեան ճարտարագէտ: Ներկայիս Պասրայի համալսարանի բժշկական բաժինի համակարգչային ընդհանուր պատասխանատուն է: Իր գործի մարզին մէջ ունի բաւական լայն մասնակցութիւն, թէ՛ որպէս դասախօս եւ թէ որպէս համագումարներու կազմակերպման յանձնախումբերու անդամ: Ամուսնացած է Հովաք Պետրոսեանի հետ, որ վերջերս Պասրա նահանգի խորհուրդի անդամ ընտրուեցաւ:
Խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Ապրիլ 30ին, ներկայացուած են 9040 թեկնածուներ: Ըստ 2014ի օրէնքին՝ խորհրդարանի անդամներու թիւը սահմանուած է 328ով, որմէ 320 աթոռ բաժնուած է Իրաքի 18 նահանգներու վրայ, մնացալ 8 աթոռները յատկացուած են փոքրամասնութիւններուն, որոնցմէ 5 աթոռ՝ քրիստոնեաներուն:
Այս առնչութեամբ, ի մասնաւորի նախորդ խորհրդարանի ընտրութեան ընթացքին չկրցանք համոզել մեր քրիստոնեայ եղբայրներուն, որ անոնց 5 աթոռներէն մէկը հայերուն տրուի, ուստի ներկայ ընտրութիւնէն առաջ աշխատանք տարուեցաւ, որ անկախ քրիստոնեաներու հինգ աթոռներէն աթոռ մը հայութեան յատկացուի (մասնաւոր բաժինով, quota). դժբախտաբար չյաջողեցանք:
Վերջապէս քրիստոնեաներու ներկայացուած ցանկերէն մէկուն մէջ Լալան ընդգրկուուեցաւ: Ցանկը կը կրէ «Ուր Հայրենական» անունը:
Լալան Իրաքի մէջ առաջին հայ տիկինն է, որ կը մասնակցի որպէս թեկնածու իրաքեան խորհրդարանին:
Յիշատակելու արժանի է նաեւ, որ Իրաքի հիւսիսային Քրտական ինքնավար մարզի խորհրդարանին մէջ այս երկրորդ նստաշրջանն է, որ մէկ հայ կ՛ընտրուի նոյնպէս «quota»ի ձեւով: Նախկին շրջանի պատգամաւորն էր Բակոյեանը, իսկ ներկայիս Երուանդ Էմինեանը, որոնք երկուքն ալ շրջանի մեր թաղականութեան անդամներ եղած եւ են:
Կոչ կ՛ուղղենք բոլոր իրաքահայերուն, որոնք արտասահմանի տարբեր երկիրներու մէջ հաստատուած են, իրենց մասնակցութիւնը բերեն 30 Ապրիլի ընտրութիւններուն, դիմեն իրենց երկիրներու իրաքեան դեսպանատուները:
Անհրաժեշտ է, որ իրաքահայերը յաջողին իրենց ձայնը ունենալ կազմուելիք խորհրդարանին մէջ, որպէսզի պաշտօնապէս մեր ունեցած հարցերը բարձրացնենք ուր որ անկ է: Այս մէկը առիթ մըն է, ուստի ձեր ձայները տուէք Լալա Պետրոսեանին՝ 305 ցանկի թիւ 9 անունին: