ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Լոս Անճելըս քաղաքի առողջապահութեան եւ մաքրութեան բաժանմունքի տնօրէնի օգնական Վարուժ Աբկեան Չորեքշաբթի, Ապրիլ 16ին, երեկոյեան ժանը 7:30ին, ռազմավարական տեսչական քայլերու շուրջ պիտի դասախօսէ, շեշտելու համար ծրագրումի ռազմավարական մօտեցումներուն կարեւորութիւնը՝ ծրագիրները իրենց յաջող աւարտին հասցնելու համար:
Ձեռնարկը կազմակերպուած է Ամերիկահայ ճարատարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութեան կողմէ: Դասախօսը ներկաներուն հետ պիտի բաժնէ աւելի քան 500 մասնագէտներ եւ արհեստավարժներ ունեցող Լոս Անճելըս քաղաքի առողջապահութեան եւ մաքրութեան բաժանմունքի եւ շարք մը այլ ընկերութեանց տնօրէններուն հետ իր փորձառութիւնը:
Վարուժ Աբկեան քիմիագիտութեան եւ կենսոլորտային ճարտարագիտութեան ճիւղերուն մէջ վկայականներ ստացած է «Լոյոլա Մերիմաունթ» համալսարանէն, իսկ տեսչական մասնագիտութեան շուրջ շարք մը դասաւանդութեանց հետեւած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին եւ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղին մէջ: Ան հեղինակն է շարք մը ուսումնասիրութեանց եւ դասաւանդած է «Ֆինիքս» համալսարանէն ներս, իսկ ներկայիս կը դասախօսէ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ:
«Ամերիկահայ ճարատարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութիւնը նման դասախօսութեանց շարք մը կը կազմակերպէ՝ առիթ ընծայելով հայ ճարտարագէտներուն եւ գիտնականներուն, որ իրենց գիտելիքներն ու փորձառութիւնները փոխանցեն համայնքին», կը յայտնէ ընկերակցութեան վարչութեան ատենապետ Վազգէն Եարտըմեան:
Սոյն դասախօսական ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ «Փարսընս» ընկերութեան Փասատինայի շէնքին մէջ (100 West Walnut Street, Pasadena, CA 91124):
Մուտքը ազատ է: Տեղեր ապահովելու համար, ձեր անունը ուղարկեցէք Areg.gharabegian@parsons.com հասցէին, արագացնելու համար շէնքէն ներս ձեր մուտքը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.