
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Աշխարհի թիւ երկու ճատրակի վարպետ Լեւոն Արոնեան պիտի ըլլայ գլխաւոր մարզիչը Յուլիս 9էն 13, Կլենտէյլի մէջ կայանալիք ճատրակի ճամբարին, որ կազմակերպուած է «Մեթրոփոլիթըն Չես» ընկերութեան եւ Ամերիկեան ճատրակի ակադեմիոյ միացեալ ջանքերով:
Ըստ Հայաստանի ճատրակի դաշնակցութեան պաշտօնական կայքի տեղեկութեանց՝ մարզումներուն ընթացքին Արոնեանի օգնականները պիտի ըլլան ճատրակի վարպետներ Մելիքսէթ Խաչիյեան, Տաթեւ Աբրահամեան, Անդրանիկ Մատիկոզեան, Արմէն Համբարձումեան եւ ուրիշներ:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել http://metrochessla.com/camp2014 կայքէջը: