
ՌԵՍԻՏԱ, Քալիֆորնիա.- Լոս Անճելըսի Քեսապցիներու ուսումնասիրաց միութիւնը աղերսագիր մը ուղղած է Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ), որ գոցէ սուրիական-թրքական սահմանը եւ պաշտպանէ Քեսապը, որ անցեալ Մարտ 21ի վաղ առաւօտեան ժամերուն թիրախ դարձաւ Սուրիացի ծայրայեղականներու յարձակումներուն, որոնց կը նպաստէր Թուրքիան ռումբերու եւ փամփուշտներու տեղատարափներով: Քեսապը գեղատեսիլ քաղաք մըն է՝ Սուրիոյ ամէնէն հիւսիսային կէտը, ուրկէ շուրջ 2000 քեսապահայեր փախուստ տուին, սակայն եւ շուրջ 30 հոգիի իրավիճակը անյայտ կը մնայ տակաւին:
«Քեսապը Կիլիկեան թագաւորութենէն մնացած վերջին հայաբնակ քաղաքն է», ըսաւ Եսթեր Թոկնոցին՝ Միութեան Լոս Անճելըսի վարչութեան ատենապետուհին, եւ աւելցուց. «Մենք չենք կրնար արտօնել, որ Քեսապը աւերուի եւ մեր եղբայրները, քոյրերը եւ զարմիկները անտուն մնան»:
Քեսապահայ կեդրոնին մէջ, Ապրիլ 1, 2014ին տեղի ունեցած հրապարակային զեկոյցին ընթացքին, Հայ Դատի յանձնախումբի, Սուրիոյ հայութեան զօրակցութեան միացեալ մարմինի, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան ներկայացուցիչները զեկուցեցին աւելի քան 120՝ Քեսապի ծագում ունեցող հայրենակիցներու, որոնք մտահոգուած էին Քեսապի վրայ յարձակումը միջազգային մակարդակի վրայ արծարծելու հարցով:
Շուրջ 2000 հայեր փախուստ տուած են Քեսապէն ու անոր շրջակայքի գիւղերէն՝ Մարտ 21ի յարձակումէն ետք, ապաստանելով ազգականներու մօտ Լաթաքիոյ մէջ, կամ այլ տեղեր թէ՛ Սուրիոյ եւ թէ Միջին Արեւելքի այլ երկիրներու մէջ: Շուրջ 60 ընտանիքներ ապաստան գտած են Լաթաքիոյ Սուրբ Աստուածածին Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս ու կը քնանան գետնայարկ սրահի գետինը կամ այլ տեղեր:
Աշխարհասփիւռ հայութիւնը շտապեց տեղահանուած քեսապահայերուն օգնութեան հասնելու: Հայ Օգնութեան Միութիւնը տրամադրեց 125,000 տոլար, Սուրիոյ հայութեան զօրակցութեան միացեալ մարմինը՝ 100,000 տոլար, ինչպէս նաեւ եղան շարք մը փոքր նուիրատուութիւններ: Երեք տարիէ ի վեր, Սուրիոյ պատերազմի ծագման օրերէն, Լոս Անճելըսի Քեսապցիներու ուսումնասիրաց միութիւնը շարունակաբար իր օժանդակութիւնը տրամադրած է քեսապահայութեան: Առ այդ, Միութիւնը կոչ կ՛ուղղէ ողջ հայութեան, որ իր նուիրատուութիւնները կատարէ՝ Սուրիոյ հայութեան զօրակցութեան միացեալ մարմինին (Syrian Armenian Relief Fund-SARF) եւ Հայ Օգնութեան Միութեան միջոցով՝ անպայմանօրէն նշելով, որ նուիրատուութիւնը Քեսապի համար է: Նաեւ, Միութիւնը կ՛ընդունի նուիրատուութիւններ իր կայքին միջոցով՝ www.keaofla.com:
SARF-ը յայտարարած է, թէ Ապրիլ 29ին, պիտի կազմակերպէ «HyeAID 3» համերգը, ի նպաստ քեսապահայութեան: Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար, այցելել հետեւեալ կայքը www.syrianarmenianrelieffund.org:
Քեսապի ծագում ունեցող ամերիկահայ նոր սերունդի ներկայացուցիչները, Քեսապի եւ տեղահան քեսապահայութեան մասին տեղեկութիւններ տարածելու միտումով, ընկերային կայքերու վրայ սկսած են արշաւի մը՝ «#SAVEKESSAB» անունով: Անոնցմէ շատերը ներկայ եղան Ապրիլ 1ին Քեսապի վերաբերեալ կայացած հրապարակային զեկոյցին:
Անցեալ Մարտ 23ին՝ յարձակումէն միայն երկու օր ետք, չորս քեսապահայեր խօսք առին քոնկրեսական Պրետ Շըրմընի՝ Քալիֆորնիոյ Վեն Նայս քաղաքին մէջ տեղի ունեցած հրապարակային զեկոյցին՝ տեղեկացնելով, թէ ի՛նչ լսած են իրենց ընտանեկան պարագաներէն, որոնք փախած էին Քեսապէն: Թէ՛ Շըրմըն եւ թէ քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ անցեալ շաբաթ յայտարարութիւններ ըրին՝ դատապարտելով իսլամ ծայրայեղականներու՝ «Քայիտա»ի, յարձակումները յատկապէս քեսապահայութեան եւ ընդհանրապէս քրիստոնեաներու վրայ:
Միութեանս կողմէ ՄԱԿի Ընդհանուր քարտուղարին ուղղուած աղերսագիրով, որմէ օրինակներ ղրկուած են նաեւ ՄԱԿի Մարդկային իրաւունքներու պաշտօնատարներու, կը պահանջուի հետեւեալը.
– ՄԱԿը կոչ ուղղէ, որ անմիջապէս դադրեցուի Քեսապի շրջանի ռմբակոծումը եւ անխնայ յարձակումները՝ խաղաղ քաղաքացիներուն վրայ, ապստամբներու եւ թրքական սահմանային զօրքերու կողմէ, որոնք չափազանց ակնայայտ խախտումներ են միջազգային մարդկային իրաւունքներու եւ մարդասիրական օրէնքներու:
– ՄԱԿը ու անոր հետ կապակցութիւն ունեցող գործակալութիւնները միջամտեն կամ ապահովեն ֆիզիքական ապահովութիւնը եւ օրէնսդրական առումով պաշտպանութիւնը Քեսապի հայութեան, ինչպէս նաեւ բոլոր հայերուն եւ կրօնական փոքրամասնութիւններուն, որոնք Սուրիական պատերազմին իբրեւ հետեւանք՝ մեծ համամարդկային աղէտի մէջ ինկած են:
– ՄԱԿը մարդասիրական օգնութիւն տրամադրէ Քեսապէն ու անոր շրջակայ գիւղերէն (Գարատուրան, Սեւ Աղբիւր, Պաղճաղաս, Էքիզ-Օլուխ, Էսգիւրան, Տուզ Աղաճ եւ Չնարժըք) տեղահանուած բոլոր մարդկանց, որոնք բռնութեամբ իրենց պապենական տուներէն, հողերէն եւ ապրուստ ապահովելու միջոցներէն զրկուած են՝ ռմբակոծումներուն եւ զինուորական յարձակումներուն իբրեւ արդիւնք:
– ՄԱԿը աջակցի, որ Քեսապի հայութիւնը խաղաղութիւնը վերագտնէ եւ վերաբնակի իր պապենական տուներուն մէջ, իր հողին վրայ, եւ վերագտնէ իր ապրուստը:
Լոս Անճելըսի Քեսապցիներու ուսումնասիրաց միութիւնը պիտի շարունակէ յանձն առնել Քեսապի իրավիճակին մասին տեղեկութիւններու փոխանակման կեդրոնի դերակատարութիւնը: Բոլոր հարցումները պէտք է ուղղուին keaofla1@yahoo.com ենամակի հասցէին կամ (818) 344-1959 հեռաձայնի թիւին:
(Հաղորդագրութիւնը՝
Միութենէն)