
ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Մարտ 24ին, Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգ. վարժարանի աշակերտները իւրայատուկ առիթը ունեցան Սոչիի մէջ կայացած Ողիմպիական խաղերուն մասնակցած Արման Սերապրաքեանին հանդիպելու: Բնիկ սանֆրանսիսքոցի մարզիկը, որ Հայաստանը ներկայացուցած էր Սոչիի մրցումներուն, աշակերտներուն ներկայացուց իր փորձառութեան գլխաւոր իրադարձութիւնները, որմէ ետք պատասխանեց այս հանդիպումով խանդավառ աշակերտներու հարցումներուն: