
ՆՈՐԹՐԻՃ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղը կը տեղեկացնէ, թէ Հինգշաբթի, Մարտ 27ին տեղի ունեցած արարողութեան մը ընթացքին, համալսարանէն շրջանաւարտ Տէյվիտ Նազարեանի անունով կոչուած է համալսարանի Գործարարական եւ տնտեսագիտութեան բաժանմունքը, համալսարանին ի նպաստ 25 միլիոն տոլարի նուիրատուութեան արշաւ մը իրագործելուն համար: 1982ի շրջանաւարտ Նազարեանը անձամբ 10 միլիոն տոլարի խոստում մը կատարած է: Գործարարութեան մարզին մէջ պսակաւոր վկայական շնորհող ամերիկեան համալսարաններու առաջին տասնեակին մէջ գտնուող այս բաժանմունքը, խոստացուած գումարներով պիտի ընդարձակէ ուսուցման կարելիութիւններն ու ծրագիրները:
«Տէյվիտ Նազարեան տեսլական ունեցող գործարար մը եւ նուիրուեալ բարերար մըն է: Հպարտ ենք Նազարեանի իրագործումներով եւ անոր ներդրումներով, որոնք դրական ազդեցութիւն ունեցած են մեր քաղաքին եւ շրջանին վրայ», արարողութեան ընթացքին յայտարարած է համալսարանի նախագահ Տայէն Հերիսըն:
Իր կարգին, Նազարեան յայտարարած է, թէ մինչ ընկերութեան մէջ ներդրումները կը նպաստեն տնտեսութեան բարգաւաճման ու կը բարելաւեն աշխատաւորներու կեանքը, կրթութեան կարելիութեանց բազմապատկումը աւելի ազդու դերակատարութիւն ունի կեանքի մակարդակի բարելաւման վրայ: «Այս պատճառով ալ, այս ներդրումը կեանքիս կարեւորագոյն նեդրումը կը նկատեմ», աւելցուցած է ան՝ կոչ ընելով այլ գործարարներու եւս, որ իր օրինակին հետեւին:
Նազարեան եւ անոր ընտանիքի «Նազարեան Էնթըրփրայզըս» ընկերութիւնը վերջին 30 տարիներուն ընթացքին կրցած են յատկանշական յաջողութիւն ապահովել՝ ճիշդ ժամանակին ներդրումներ կատարելով շարք մը ընկերութեանց ու շինարարական ծրագիրներու, որոնցմէ կարեւորագոյններէն մէկը կը նկատուի հեռահաղորդակցութեան մարզի «Քուալքոմ» ընկերութիւնը՝ անոր սկզբնական շրջանին: