
ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Կիրակի, Ապրիլ 13ին, կ.ե. ժամը 2ին, Սան Ֆրանսիսքոյի «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Ծաղկազարդի ճաշկերոյթ մը, որ դրամահաւաքի ձեռնարկ մըն է Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգ. վարժարանի 8րդ դասարանի աշակերտութեան դէպի մայրաքաղաք Ուաշինկթըն կատարելիք այցելութեան ի նպաստ:
Մասնակացութեան սակը 20 տոլար է, իսկ 14էն փոքր տարիքի երեխաներու համար՝ 12 տոլար:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (415) 466-6226 կամ (650) 577-1006 թիւերուն: