
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– «Երեւանում եւ մարզերում հանրահաւաքները, հնարաւոր է, կայանան, սակայն դրանց անցկացման ժամկէտների մասին լրացուցիչ կը յայտարարուի»: Այս մասին յայտարարած է «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Ռուբէն Յակոբեան, խորհրդարանական 4 ուժերու փակ հանդիպումէն ետք:
Անոր համաձայն՝ մարզային հանրահաւաքներն ու մայրաքաղաքի ամփոփիչ հանրահաւաքը ծրագրուած էին կառավարութեան անվստահութիւն յայտնելու պարունակին մէջ: Սակայն իրավիճակի փոփոխութեամբ, խորհրդարանական խմբակցութիւնները պիտի չհրաժարին մարզային հանդիպումներու գաղափարէն: Պատգամաւորին համաձայն՝ ստեղծուած իրավիճակին մէջ իշխանութիւնները պէտք է բանի մը ձեռնարկէին եւ ձեռնարկեցին, որպէսզի կանխեն երկրին մէջ տեղի ունենալիք ներքաղաքական զարգացումները, որոնք ընթացք պիտի առնէին 28 Ապրիլին:
Յակոբեանի կարծիքով, «ստեղծուած իրավիճակը ոչ կոալիցիոն չորս խմբակցութիւններին թոյլ է տալիս գործել՝ հնարաւորութիւնը բաց չթողնելով»:
Ի պատասխան այն հարցումին, որ արդեօք նախագահին հրաժարականը պիտի պահանջե՞ն՝ Յակոբեան յայտնած է, որ այդ առնչութեամբ քառեակը տարբեր մօտեցումներ ունի, եւ որ ինք կրնայ արտայայտել միայն «Ժառանգութեան» դիրքորոշումը, աւելցնելով. «Մենք կողմ ենք երկրում արմատական փոփոխութիւններին եւ ամբողջական իշխանափոխութեանը»:
Ան վստահեցուցած է, որ խորհրդարանական 4 խմբակցութիւններուն համագործակցութիւնը պիտի շարունակուի:
Ի պատասխան այն հարցումին, թէ արդեօք միասնական թեկնածու պիտի առաջադրե՞ն, Յակոբեան ժխտական պատասխան տուած է՝ նշելով, որ իրենց համար առանցքային չէ անձին հարցը: «Մենք չենք քննարկել թեկնածութեան հարցը, եւ դա բնական է: Խորհրդարանական 4 ուժերը համագործակցում են ոչ թէ ինչ որ բանի դէմ, այլ յանուն մէկ ընդհանուր նպատակի՝ երկրի եւ ժողովրդի բարօրութեան: Մենք պայքարում ենք նրանց դէմ, ովքեր խոչընդոտում են երկրում կառուցողական փոփոխութիւններին», նշած է ան։