ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Ատրպէյճանի գերիներու, անյայտ կորածներու եւ պատանդներու յանձնաժողովի նախագահ Շահին Սայիլով յայտարարած է, որ հայ-ատրպէյճանական սահմանը հատելու ընթացքին գերեվարուած Հայաստանի քաղաքացի Արսէն Խոջոյեանի հայրենադարձման հարցով բանակցութիւնները կը շարունակուին: Այս մասին գրած է day.az լրատուական կայքը:
Անոր համաձայն՝ բանակցութիւնները բնական ձեւով կ՛ընթանան, սակայն կան յստակացուելիք որոշ հարցեր: Սայիլով դիտել տուած է, որ Արսէն Խոջոյեանի հարցով աւելի ճշգրիտ տեղեկութիւններ պիտի ըլլան յառաջիկայ 30-40 օրերուն ընթացքին: Ան նաեւ նշած է, որ Հայաստանի երիտասարդ քաղաքացին մտադիր չէ մեկնիլ երրորդ երկիր, այլ կ՛ուզէ հայրենիք վերադառնալ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.