
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի ատենապետ Ռապըրթ Մենենտեզ եւ ծերակուտական Մարք Քըրք Ծերակոյտին ներկայացուցած են Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման նոր բանաձեւ մը՝ կոչ ուղղելով Միացեալ Նահանգներու նախագահին, որ շարունակէ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ աշխատանքները՝ հիմնուելով Թուրքիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան յստակ ճանաչման վրայ:
Սոյն բանաձեւը արդէն իսկ ապահոված է ծերակուտականներ Պարպարա Պաքսըրի եւ Էտ Մարքիի համահովանաւորութիւնը:
«Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը շնորհակալութիւն կը յայտնէ ծերակուտականներ Մենենտեզի եւ Քըրքի՝ ներկայացնելնուն համար Հայկական Ցեղասպանութեան մասին այս յառաջադէմ բանաձեւը, որ կոչ կ՛ընէ Ամերիկայի իշխանութեանց աջակցելու հայ-թրքական անաչառ եւ կառուցողական յարաբերութիւններու կոփման՝ հիմնուած Թուրքիոյ տակաւին անպատիժ մնացող յանցագործութեան ճանաչման վրայ: Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախաշեմին, մենք անհամբերութեամբ կը սպասենք, որ Ծերակոյտի մեր ընկերները ընդունին ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման համար կենսական կարեւորութիւն ներկայացնող այս բանաձեւը», կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան:
Բանաձեւը ներկայացուցած ծերակուտական Մենենտեզ իր յայտարարութեան մէջ ըսած է. «Հայկական Ցեղասպանութիւնը զարհուրելի եւ փաստացի իրողութիւն է, որ երբե՛ք չի կրնար ժխտուիլ: Ամենախիստ առումներով՝ սոյն բանաձեւը կը վերահաստատէ, թէ մենք միշտ կը յիշենք այս ողբերգութիւնը եւ կը յարգենք յիշատակը այն անմեղ հայ տղամարդոց, կանանց եւ երեխաներուն, որոնք սպաննուած եւ արտաքսուած են իրենց հայրենիքէն: Հայկական Ցեղասպանութիւնը պէտք է դասաւանդուի, ճանչցուի եւ ոգեկոչուի՝ նման ոճրագործութիւններու կրկնութիւնը կանխելու համար»:
Իր կարգին, ծերակուտական Քըրք յիշեցուցած է, թէ 2015ին կը լրանայ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը՝ ցեղասպանութիւն մը, որուն զոհ դարձած են 1.5 միլիոն հայեր՝ օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ: «Մնացած են միայն քանի մը խիզախ վերապրածներ, ինչպէս 107ամեայ Հելեն Փալոյեանը՝ Շիքակոյէն, որ կորսնցուցած էր իր ծնողներն ու երկու եղբայրները: Վերապրածներու եւ զոհուածներու յիշատակը յարգելու համար, ինչպէս նաեւ առաջնորդուելով համամարդկային արժէքներով՝ Ամերիկան պէ՛տք է վերջապէս միանայ Եւրոմիութեան եւ ՆԱԹՕի դաշնակից 11 պետութիւններուն՝ պաշտօնապէս ճանչնալով Հայկական Ցեղասպանութիւնը», ըսած է Քըրք:
Օրէնքի բանաձեւը Ծերակոյտի ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ մասնաւորապէս հետեւեալ դրոյթներուն վրայ.
– 2014ի Ապրիլ 24ին ոգեկոչել Ցեղասպանութեան տարելիցը.
– Միացեալ Նահանգներու նախագահը պէտք է ջանայ կառուցել արդար, կառուցողական, կայուն եւ ամուր հայ-թրքական յարաբերութիւն, որ կը ներառէ Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ փաստերու ամբողջական ընդունում:
– Նախագահը պէտք է երաշխաւորէ, որ Ամերիկայի արտաքին քաղաքականութիւնը պատշաճ կերպով զգայնութիւն կը ցուցաբերէ մարդկային իրաւունքներու, մարդկութեան դէմ յանցագործութեանց, ցեղային զտումներու եւ ցեղասպանութեան վերաբերեալ խնդիրներուն նկատմամբ, որոնք վաւերագրուած են Հայոց Ցեղասպանութեան մասին Միացեալ Նահանգներու արխիւներուն մէջ:
Նշենք, որ Ներկայացուցիչներու տան անդամներ Տէյվիտ Վալատաօ, Էտըմ Շիֆ, Քոնկրեսին մէջ Հայկական հարցերու համախմբումի համանախագահներ Ֆրենք Փալոն ու Մայքըլ Կրիմ զուգահեռաբար ներկայացուցած են Հայկական Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւ մը, որ արդէն իսկ ունի աւելի քան 50 հովանաւոր: