ԵՐԵՒԱՆ.– Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը Մատենադարանին հետ 2 Ապրիլին սկսած է համագործակցութեան նոր ծրագիրի գործադրութեան: Պատմագիտութեան, աղբիւրագիտութեան, արուեստի, համաշխարհային պատմութեան մասնագիտութիւններու գծով մատենադարանի 8 երիտասարդ ասփիրանթներու միութիւնը պիտի տրամադրէ տարեկան կրթաթոշակ։
Ասիկա կարեւոր ներդրում է երիտասարդ գիտնականներու պատրաստութեան ու որակաւորման, ինչպէս նաեւ հետազօտական ծրագիրներու խթանման համար:
Երկարամեայ համագործակցութեան ընթացքին ՀԲԸՄը աջակցած է Մատենադարանին՝ գիրքի պահոցներու համար օդափոխիչներու, հակահրդեհային եւ անվտանգութեան համակարգերու տեղադրմամբ, հովանաւորած է նաեւ շարք մը գիտական հրատարակութիւններ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.