Երէկ, Հայաստանի մէջ հանրային կարծիքին հանդէպ զգայնութիւն ցոյց տալու նշան մը տրուեցաւ: Ամիսներէ ի վեր, կիպրոսեան «օֆշորային» գայթակղութիւններուն, տնտեսութեան գահավէժ անկումներուն, արտագաղթի անկառավարելի դարձած չափերուն, կուտակային ոչ-ժողովրդական օրինագիծերուն եւ այլ հասարակական բողոքի փոթորիկներուն ընդմէջէն անխռով ու անվնաս նաւարկած վարչապետը, վերջապէս դուրս դրուեցաւ իր պաշտօնէն:
Միամիտ պէտք է ըլլալ հաւատալու համար, որ Տիգրան Սարգսեան իր կամքով հեռացաւ իր պաշտօնէն: Կրնար այդպէս ընել՝ յայտարարելով, որ կ՛ընդառաջէ հասարակութեան պահանջներուն, եւ իրապէ՛ս արժանապատիւ հրաժարականով, Հայաստանի քաղաքական դաշտին վրայ նոր էջ մը կը բանար՝ յոյս ներշնչելով իր ապագային հանդէպ ձեռնթափ զանգուածի վերածուած ժողովուրդին, տալով անոր վիճակի բարելաւման հանդէպ հաւատքի գէթ նշոյլ մը:
Սպասուած այս հրաժարականն ալ, սակայն, անիմաստ կը դառնայ, եթէ նախագահը եւ Ազգային ժողովի իշխող մեծամասնութիւնը հանդիսացող Հանրապետական կուսակցութիւնը չանդրադառնան, որ հանրապետութիւնը աղիտալի վիճակէն դուրս հանելու ամէնէն ազդու, ամէնէն արդիւնաւէտ ճանապարհը պիտի ըլլայ ոչ թէ տնտեսագիտական հմտութիւններ ունեցող պաշտօնեայ մը բերելով այդ պատասխանատուութեան վրայ, այլ՝ մտայնութեան հիմնական փոփոխութեան խորհրդանիշ հանդիսացող նշանակում մը կատարելով, նոյնիսկ՝ թեկնածուն ճշդելու գործընթացը համապատասխանեցնելով սպասուած փոփոխութեանց:
Կա՞յ նման գործընթացի բանաձեւ մը… Դժուար է պատկերացնել, որովհետեւ ժողովուրդին մօտ թերահաւատութիւնը այնքա՛ն արմատ նետած է, որ եթէ նախագահը երդում պատառ ըլլայ, թէ պիտի փոխէ իր գործելակերպը, թէ պիտի միանայ երկրին մէջ արդար հասարակարգ հաստատելու ճիգերուն, ո՛չ ոք իրեն երկրորդ առիթ տալու տրամադրութիւն պիտի ունենայ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.