
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ կաթողիկէ եկեղեցին կը տեղեկացնէ, թէ Կիրակի, Ապրիլ 6ին, առաւօտեան ժամը 11ին, եկեղեցի պիտի այցելէ ու հոն պիտի քարոզէ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Լոս Անճելըսի առաջնորդ կարտինալ Ռաճըր Մահոնի: Ս. պատարագէն ետք, հիւր առաջնորդը նաեւ հանդիպում մը պիտի ունենայ համայնքին հետ: