
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ի՞նչ ըրինք անցնող օրերուն՝ նպաստելու Քեսապ ներխուժած զինեալները դուրս վտարելու եւ տարագրուած քեսապցիներուն օգնութեան հասնելու:
Առաջին. թրքական կառավարութեան մեղսակցութիւնը բացայայտեցինք հանուր աշխարհին: Քարոզչական այս արշաւին արդիւնքը ակնյայտ դարձաւ, երբ Թուրքիոյ արտաքին գործոց ղեկավարները պարտաւորուած զգացին պաշտպանական քայլեր առնելու՝ համոզելու համար հանրային կարծիքը, որ իրենք նոյնիսկ պատրաստ են ապաստան տալու Քեսապի հայ բնակչութեան:
Երկրորդ. գլխաւորաբար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ, կազմակերպուեցաւ տարագրուած քեսապցիներուն օգնութիւն հասցնելու գործը, որուն մասնակցութիւն բերելու համար, համընդհանուր զօրաշարժի ազդանշաններ լսուեցան աշխարհի գրեթէ բոլոր հայկական կեդրոններէն, անշուշտ նաեւ՝ մեր շրջանէն: Սուրիոյ հայութեան օգնութեան միացեալ մարմինը հանդէս եկաւ հանգանակային կոչով, իսկ Հայ Օգնութեան Միութիւնը իր՝ Ալլա Լեւոնեանի համերգի հասոյթէն բաժին հանեց քեսապցիներուն: Հանգանակային արշաւը կը շարունակուի ու աւելի շօշափելի միջոցներ գոյացնելու ճիգերը վստահաբար պիտի բազմապատկուին յառաջիկայ օրերուն:
Քեսապի ժողովուրդին զօրակցութիւն յայտնող ցոյցեր տեղի ունեցան կարգ մը շրջաններու մէջ, սկսելով Երեւանէն ու հասնելով մինչեւ Լոս Անճելըս: Ցոյցեր ծրագրուած են այլ շրջաններու մէջ՝ յառաջիկայ օրերուն:
Հայաստանի իշխանութիւնները ցարդ բաւարարուած են դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն ցուցմունք տալով, որ անոնք աշխատին իրենց ծառայութեան շրջաններուն մէջ՝ Քեսապի տագնապին գծով համապատասխան երկիրներու քաղաքական աջակցութիւնը ապահովելու համար: Պէտք է ըսել, որ օրէ օր աւելի ու աւելի զօրաւոր կը հնչեն Հայաստանի իշխանութեանց հանդէպ դժգոհութիւնները ՝ Քեսապի ազատագրութեան եւ քեսապցիներու տուն վերադարձին կապակցութեամբ ուժեղ մօտեցում ցոյց չտալու կեցուածքը քննադատող:
Բաւարա՞ր են այս աշխատանքները: Գոհացուցի՞չ է աշխատանքի թափը: Թափը ուժեղացնելու նշանները ակնյա՞յտ են: Բոլոր հարցումներուն պատասխանը՝ ո՛չ է: