
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Կիսամիջոցներու, ձեւականութեան, հանդէպ խորշանք կը զգանք: Յատկապէս՝ ազգային աղէտներ դիմագրաւելու մարտահրաւէրներուն երբ կը բաւականանանք պատասխանելով յայտարարութեամբ, մեր ընդվզումը աւելի կը խորանայ, կը հասնի մինչեւ զայրոյթ՝ ընդդէմ… մեր հաւաքական անզօրութեան:
Հայկական Քեսապը հայաթափուած է, բնակիչները դարձած են տարագիր, գաղթական, անորոշ ճակատագիրի դատապարտուած: Ճակատէն հասած լուրերը ի դերեւ կը հանեն արագ վերադարձի յոյսերը:
Ինչո՞ւ չկրցանք պաշտպանել Քեսապը, քեսապցիները: Ինչո՞ւ չկրցանք ազատագրել Քեսապը՝ թալանողներէն: Ընկերներէս մէկը, անդրադառնալով Մարտ 26ի «Ի՞նչ Կրնանք Ընել» վերնագրուած «ՕՐԸ ՕՐԻՆ» սիւնակի բովանդակութեան՝ զիս կը մեղադրէր, որ փոխանակ ռազմահայրենասիրական ոգիով կամաւորներ հաւաքագրելու կոչեր հնչէին մեր ղեկավարութեան կողմէ կամ իմ կողմէս, որպէսզի զինեալ ջոկատներ կազմաւորուին ու երթան Քեսապ մասնակցելու համար հայկական գիւղերը ազատագրելու կռիւներուն, բաւարարուած էի Հայ Դատի յանձնախումբի աշխատանքներուն սատար կանգնելու յորդորով:
Ես վճռական քայլերու ջատագով ըլլալով հանդերձ, տակաւին ոչ նպատակայարմար կը գտնեմ նման քայլի ձեռնարկելու գաղափարը: Համաձայն կ՛ըլլայի, եթէ այս վճռականութիւնը պահանջուէր Ղարաբաղեան սահմանները պաշտպանելու համար: Ահա վերջին երեք շաբաթներուն ընթացքին, հայկական բանակը երեք նահատակ տուաւ, երեքն ալ՝ զոհ թշնամիի դաւադիր գնդակներուն, իսկ հայկական վճռական պատասխանը կ՛ուշանայ լռեցնելու մահացու կրակակէտերը: Երթանք, հզօրացնենք մեր բանակը, կամաւորներով համալրենք մեր ազգային բանակի շարքերը: Քեսապի ազատագրման կռիւներուն մասնակցելու համար, կամաւորական խումբեր կազմելը, եթէ նոյնիսկ կարելիութեան սահմաններուն մէջ է, ապա կրնայ հանդիպիլ այնպիսի բարդութիւններու, որոնց անտեսումը պարզապէս արկածախնդրական ձեռնարկի մը կը վերածէ առաջարկուածը:
Բոլոր դժգոհները, որոնց շարքին եւ ես, կրնանք քաղաքական աւելի ազդեցիկ քայլեր պահանջել Հայաստանի իշխանութիւններէն եւ մեր սփիւռքեան քաղաքական կառոյցներէն, ներառեալ՝ Հայ Դատի յանձնախումբերէն: Սահմանափակուելով Սփիւռքի եւ յատկապէս Ամերիկայի տարածքի մեր աշխատանքներուն գնահատականը կատարելու փորձով՝ կրնանք բոլորս անբաւարար գտնել քաղաքական դէմքերու հետ հանդիպումները, Սպիտակ տան եւ ԱՄՆի արտաքին գործոց նախարարութեան վրայ բանեցուած ճնշումները: Այո՛, անբաւարար են, որովհետեւ մենք թերացած ենք հզօրացնել Հայ Դատի յանձնախումբերը այնքա՛ն, որ այսպիսի օրերու, անոնք կարենան համոզիչ զրոյցներ ունենալ ԱՄՆի քաղաքականութեան վրայ ազդող գործիչներուն ու պաշտօնեաներուն հետ: Երբ կոչ կ՛ուղղենք մեր համայնքին՝ մասնակցելու Հայ Դատի յանձնախումբի նամակարշաւներուն, երբ կոչ կ՛ուղղենք մասնակցելու մեր երիտասարդներու նախաձեռնած ցոյցերուն, երբ կոչ կ՛ուղղենք նիւթապէս թիկունք կանգնելու քաղաքական աշխատանքներուն, երբ կոչ կ՛ուղղենք քուէարկելու ի նպաստ Հայ Դատի յանձնախումբի զօրակցած թեկնածուներուն, ապա մեր քաղաքական ազդեցութիւնը վճռական դարձնելու մտահոգութեամբ կը շարժինք:
Այսօր այդ քաղաքական ազդեցութիւնը գնահատելու պա՛հն է՝ մեր ուժն ու ազդեցութիւնը փորձաքարի զարնելու պահը: Եթէ դժգոհ ենք, ապա լարենք մեր միջոցները ու աւելի՛ զօրանանք: Դառնանք վճռական գործօն այս դաշտին վրայ:
I fully agree that political means is one of the ways to pursue your target goal. But it is undermined if you don’t have the military strength to back it up. ARF history is the best argument that I can make.
I fully agree that political means is one of the ways to pursue your target goal. But it is undermined if you don’t have the military strength to back it up.