ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– «Սահմանադրական դատարանից ակնկալում ենք անաչառ, անկողմնակալ եւ խորքային քննութիւն եւ առաջին հերթին իրաւական տեսակէտից՝ նկատի ունենալով, որ մեր համոզմամբ, կան յստակ հակասութիւններ ընդունուած օրէնքի եւ Սահմանադրութեան միջեւ», «Փանորամա»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան՝ անդրադառնալով 28 Մարտին Սահմանադրական դատարանին մէջ «Կուտակային կենսաթոշակների մասին» օրէնքի որոշ դրոյթներու վերաբերող քննարկման:
Անոր համաձայն՝ Սահմանադրական դատարանը պէտք է իր ողջ լիազօրութիւնները օգտագործելով հարցին այնպիսի լուծումներ տայ, որ այս առնչութեամբ ստեղծուած ճգնաժամը հարթուի:
Թղթակիցը հարցուցած է, որ ի՛նչ կը մտածէ Ռուստամեան վերջին օրերուն իշխանութեան տարբեր մակարդակներէն հնչող յայտարարութիւններուն մասին, որոնցմէ կարելի է ենթադրել, որ իշխանութիւնները պատրաստ են համաձայնութեան եւ փոփոխութիւններու՝ վիճայարոյց օրէնքին մէջ. Ա. Ռուստամեան նշած է, որ այս իրադարձութիւնները ցոյց կու տան, որ իսկապէս օրէ օր իշխանաւորները կը գիտակցին խնդրի լրջութեան:
«Նախ այն հանգամանքը, որ հնարաւոր չէ ցանկացած բարեփոխում յաջողել, եթէ այդ բարեփոխմանը դէմ է բնակչութեան գերակշիռ մեծամասնութիւնը: Ի վերջոյ բարեփոխումը չեն իրականացնում ղեկավարները, այն իրականացնում է հասարակութիւնն ու ժողովուրդը միասնական եւ եթէ այդ միասնականութիւնը չկայ, ապա ոչ մի բարեփոխում չի կարող իր նպատակին ծառայել: Սա ամենակարեւոր հաստատումն է, որ իշխանութիւնները օր առաջ պէտք է գիտակցէին», դիտել տուած է Ռուստամեան։
Երկրորդ կարեւոր կէտը, որուն վրայ ուշադրութիւն հրաւիրած է Ա. Ռուստամեան այն է, որ կան Սահմանադրական դատարանի գործունէութեան մէջ արձանագրուած նախադէպեր եւ եթէ այդ նախադէպերով առաջնորդուինք, ապա բարձրացուած հարցերուն զգալի մասը պէտք է լուծում ստանայ յօգուտ հայցուորներուն, որովհետեւ ակնյայտ հակասութիւններ կը ծագին Սահմանադրութեան պահանջներուն հետ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.