ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը Հինգշաբթի, Մարտ 27ին հրապարակած է երկիրի միջազգային ռազմական համագործակցութեան ուղղութիւններուն մասին տեղեկագիր մը, ուր կը շեշտուի միջազգային կազմակերպութիւններու հետ ռազմական համագործակցութեան ընդարձակման կարեւորութիւնը: Նախարարութիւնը կը ծրագրէ ընդարձակել երկկողմանի եւ բազմակողմանի միջազգային ռազմական համագործակցութիւնը, յատկապէս՝ ՆԱԹՕի անդամ եւ գործընկեր երկիրներու, ինչպէս նաեւ ԱՊՀի անդամ երկիրներու հետ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.