ՖՐԵԶՆՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի Հայագիտական ծրագիրը, համագործակցութեամբ Լոնտոնի «Կոմիտաս» հիմնարկին ու «Փիթըրզ» հիմնարկին, Կիրակի, Մարտ 30էն Ապրիլ 30 ցուցահանդէս մը կազմակերպած է՝ «Յիշելով Պիթլիսի Հայերը» խորագիրով, համալսարանի «Հենրի Մետըն» գրադարանին մէջ:
Ցուցահանդէսին բացումը տեղի պիտի ունենայ Մարտ 30ին, կ.ե. ժամը 3ին. մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն:
Նոյն օրը, կ.ե. ժամը 4ին, գրադարանի թիւ 2206 սենեակին մէջ, «Կոմիտաս» հիմնարկէն պատմաբան Արա Սարաֆեան նոյն նիւթով դասախօսութիւն մը պիտի տայ:
Նշենք, որ Մարտ 1-2ին, այս նիւթով աննախընթաց ցուցահանդէս մը կազմակերպուած էր Վանի մէջ, «Կոմիտաս» հիմնարկին ու Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի Հայագիտական ծրագիրին միջեւ մէկ այլ համգործակցութեան շնորհիւ:
Ֆրեզնոյի ցուցահանդէսին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել barlowd@csufresno.edu հասցէին կամ (559) 278-2669 թիւին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.