



ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Կիրակի, Մարտ 9ին, կ.ե. ժամը 1ին, յաւարտ Ս. պատարագի, Ազգ. ա-ռաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցած է Լոս Անճելըսի շրջանային «Էմմի» մրցանակին արժանացած լրագրող Փիթըր Մսըրլեանի նորագոյն վաւերագրական շարժապատկերին առաջին ցուցադրութիւնը: Ֆիլմը նուիրուած է Պատմական Հայաստան կատարած իր ուխտագնացութեան:
2013ի Յունիսին, 30 հոգինոց ամերիկահայ զբօսաշրջիկներու հետ, որոնց մէջ էին նաեւ շրջապտոյտներ կազմակերպող Արմէն Արոյեանն ու փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանը, Փիթըր Մսըրլեան առիթ ունեցած էր նկարահանելու Պատմական Հայաստանի կառոյցներն ու քաղաքները, որոնց շարքին՝ Աղթամարը, Խարբերդը, Բալուն, Վանը, Կարսը, Օրտուն, Մրէնը եւ Կեսարիան:
Աւելի քան 100 հոգի ներկայ եղած են ցուցադրութեան, որուն ընթացքին լրագրողը յայտնած է, թէ իր նպատակը եղած է պատրաստել Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած եւ ամբողջ քաղաքակրթութիւն մը բնաջնջելու փորձը ներկայացնող տարբեր ոճի վաւերագրական ֆիլմ մը՝ հիմնուած մեծ մասամբ նոր նկարահանուած նիւթերու վրայ:
Ան աւելցուցած է, թէ աշխատանք պիտի տանի, որ ֆիլմին վերջնական օրինակը ցուցադրուի հանրային պատկերասփիւռի կայաններէն՝ սկսելով Հարաւային Քալիֆորնիայէն:
Մսըրլեան դրուատած է յատկապէս Արմէն Արոյեանի ու փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի ներդրումները, որոնք հարստացուցած են վաւերագրական ֆիլմը, եւ կոչ ըրած է հայերու նուիրուած աւելի մեծ թիւով վաւերագրական ֆիլմեր արտադրելու, ամերիկահայութեան կեանքը Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդին եւ ամբողջ աշխարհին ներկայացնելու համար:
Ցուցադրութեան աւարտին, Մսըրլեան եւ Արմէն Արոյեան պատասխանեցին շարք մը հարցումներու:
Վեթերան լրագրող Փիթըր Մսըրլեան, որ աշխատակցած է ամերիկեան զանազան կայաններու հետ, շահած է Լոս Անճելըսի «Էմմի» մրցանակը՝ իր 33 վայրկեան տեւողութիւն ունեցող վաւերագրական շարժապատկերին համար, որուն խորագիրն էր՝ «Պըրպենքի Քոյր Քաղաքը՝ Ափրիկէի Մէջ»: Վերջին 14 տարիներուն, ան ստացած է 16 «Կոլտըն Մայք» պարգեւներ՝ Հարաւային Քալիֆորնիոյ ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի միութենէն: Մսըրլեան Պըրպենքի քաղաքապետարանին պատկանող «The Burbank Channel»ի (TBC) վերակացուն եւ աւագ բեմադրիչն է: Ան, միաժամանակ, կը պատրաստէ վաւերագրական անկախ ֆիլմեր, իր ընկերութեան՝ «Globalist Films»ին համար:
Ձեռնարկը հովանաւորուած էր դոկտ. եւ տիկ. Յովսէփ եւ Հիլտա Ֆիտանեաններուն կողմէ եւ կազմակերպուած Քրեսենթա հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ դաստիարակչական յանձնախումբին կողմէ: