ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «Ռոյթըրզ».- Եւրոպական Միութեան ապահովութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Քեթրին Էշթըն լաւատես է Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ համապարփակ համաձայնութեան հասնելու հաւանականութեան գծով: Պրիւքսէլի մէջ, «Մարշըլ» հիմնարկին կողմէ կազմակերպուած խորհրդաժողովի մը ընթացքին, Էշթըն յայտնած է. «Անհրաժեշտ է կնքել ամբողջական համաձայնագիրը»:
Միաժամանակ, Էշթըն նշած է, որ Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ համապարփակ համաձայնութեան հասնելու առումով՝ կողմերը կը գտնուին «հոլովոյթի նախնական աստիճանին վրայ»:
Յիշեցնենք, որ Մարտ 17-19ին, Վիեննայի մէջ կայացած էր Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ նորագոյն բանակցութիւնները, որոնց աւարտին համաձայնութիւն գոյացած էր՝ հանդիպումները շարունակելու քաղաքական եւ թեքնիք մակարդակի վրայ:
Փորձագէտներու յաջորդ խորհրդակցութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ապրիլի սկիզբը, իսկ Ապրիլ 7-9ին, Վիեննայի մէջ տեղի պիտի ունենան աւելի ընդարձակ բանակցութիւններ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.