
ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Եկեղեցին հայկական ծննդավայրն է հոգւոյս…
– Օրհնե՛ա, տէ՛ր։
– Ահլա՜ն, Աստուած օրհնէ։
«Ողջոյն»ը՝ «ահլան»։ Յառաջդիմութիւն ու տեղացի ժողովրդի հետ համերաշխութեան քայլ… Մի՛ կարծէք թէ զինք մեղադրել է նպատակս. տէ՛, օրերը գէշ են ու մեզի ամէն բան մոռցնել կու տան։ Որքան ալ որ օծեալ՝ քահանան ալ մարդ է ու կրնայ մոռնալ իր «ողջոյն»ը (որմով նաեւ, ես յոյս ունիմ… ողջ մնալ)։
Տրամադրութիւնս մէկ աստիճան անկում կ՛ունենայ, սակայն դեռ պայծառ է, քանի որ այսօր ծաղկած նշենի տեսայ։ Թերեւս ձեզի համար շատ սովորական, բայց մեզի համար, այս օրերուն… Շուրջը, փողոցին մէկ եզրէն յառաջացած ու արդէն դէմի ալ մայթը գրաւելու սպառնալիքով հսկայական աղբակոյտ, զայն քրքրող կատուներ, պահակներու պաշտպանական աւազապարկերէ ամրոցները, զանգուածեղ ժայռաբեկորներ, գունատ ու միայն կմախք մնացած ինքնաշարժներ, գորշ ու խաժամուժ ամբոխ ու այդ բոլորին մէջ կեցած, անմասն շրջապատին՝ անիկա ծաղկե՜ր է՝ ճերմակ-վարդագոյն երազով։ Կը փորձէ այդ տգեղութեան իբրեւ հակադրութիւն իր ձայնը լսելի դարձնել, թէ Գարո՜ւն է… Սուրիոյ համատարած աւերակներուն վրայ բացուող երրորդ գարունը։
Ես կ՛առնեմ իր աւետիսը ու կը քալեմ, «ահլան»ը մոռնալ ջանալով։ Կը մտնեմ եկեղեցի։ Իմ եկեղեցիս կը մտնեմ միայն հոգիիս թեւերով ու ոչ՝ միտքիս. չեմ կրնար խաբել ինքզինքս ու զԱստուած՝ կաղապարուած անսիրտ բառերով։
Առաւօտ է, ներսը նախնական քարայրի պէս՝ կիսամութ ու խորհրդաւոր։ Տարիքոտ այր մը միայն, Աստուածածնայ սրբապատկերի մը առջեւ ծունկի, թեւերը վեր պարզած՝ կ՛աղօթէ։ Պատկերը յուզիչ է, Աստուած գիտէ միայն մարդուն ցաւերը… ծունկի կ՛աղօթէ։ Ներսերէն երիտասարդ մը կու գայ ու ճիշդ անոր առջեւ կեցած՝ (ժամկո՞չը արդեօք) տակաւին կիսովին ալ չհալած մոմերը կը հանէ ու աղմուկով կը նետէ վարը դրուած արկղին մէջ։ Որո՜նց աղերսներն են, որ ճամբան մնացին (անհաւատ մի՛ ըլլաք, Աստուած զձեզ միշտ կը տեսնէ ու կը լսէ)։ Մոմերու անկումին բարբարոս ձայնը կը խածնէ լռութիւնը ու կ՛արձագանգէ կամարներուն տակ։ Մարդը աջ ու ձախ կը թեքի՝ Աստուածածնայ աւելի յստակ տեսանելի ըլլալու ճիգով, տղան նոյնպէս տեղը կը փոխէ՝ իր գործը շարունակելով։ Ապարդիւն մարզանքէն յոգնած՝ մարդը կը հեռանայ։
Ես, որ մինչ այդ կեցած կը դիտէի, կը մօտենամ հակառակ պատին, Աստուածածնայ՝ իմ նախընտրած՝ Սուրէնեանցի գծած սրբապատկերին ու կը վառեմ մոմերս։ Ամբողջ մարմինով կը ջանամ «իմ անկիւնս» ու մոմերս ծածկել ժամկոչին եռանդէն։ Թէեւ վերի փակագիծին ճշմարտութիւնը գիտեմ, բայց կը սիրեմ մոմերու միսթիք բոցը դիտել ու հաւատալ… Չեմ յաջողիր աղօթել. աղմուկը կը խռովէ ու կը շեղէ. կ՛ելլեմ՝ մոմերս ու չըսուած աղօթքներս ձգած իր հայեցողութեան։ Առաջիը չէ՛, երանի՜ վերջինն ըլլար։ Երիտասարդը հաւանաբար չ՛ըմբռներ, որ այդ կառոյցը Աստուծոյ Տուն է. կ՛երեւի թէ իրեն համար աշխատավայր է ընդամէնը…
Ահլա՜ն…
***
Կ՛որոշեմ այլեւս լուրերով հոգիս չաղտոտել, բայց դրկից-բարեկամ միայն քաղաքականութիւն կը խօսին, ու ակամայ լսող մըն եմ։ Վերջերս Օպաման յայտներ էր, թէ մենք տակաւին հոս ենք, հա՜, չկարծէ՛ք Սուրիան մոռցանք, մեր կռիւը կռի՛ւ է։ Ահա՛ սկզբունքային հաստատակամութիւն։
Մենք, որ բնաւ չենք կասկածիր մեզի հանդէպ իր(ենց) հայրական հոգատարութեան, սկսած ենք խանդոտելու, քանի որ ան իր հոգատարութեան կեդրոնը դարձուց Ուքրանիան՝ Ռուսիոյ կողը խտղտացնելով։ Տիրոջ հրամանին հլու Սէուտիէի ոսկիները հիմա ալ դէպի հոն կը հոսին։ Սուրիան «մասնատեցին», հիմա կարգը Ուքրանիային է. ժողովուրդը եղբայրասպան պատերազմի կը ներքաշուի, արիւն կը հոսի, իսկ անդրովկիանոսեան մարդամեքենաները կրակէն ուրիշի ձեռքերով շագանակ հանելու իրենց խաղը կը շարունակեն։ Որոշեր են՝ Ուքրանիան պիտի ազատագրեն ռուսական «ճորտութենէն»… դարձնելու համար իրենց… «պախշիշ»ները խոնարհումով ընդունող դռնապանը։
Ու հիմա ալ ուքրանացի ժողովուրդը պիտի վայլէ ազատութեան բարիքները՝ հրդեհ, արիւն, աւեր, բիրտ ուժի տիրակալութիւն։
… Ուրեմն սուրիական պատերազմը մօ՞տ է աւարտին։ Պատասխանները հակասական են. մենք ծանօթ չենք Օպամայի ու իր վարձկաններու «մարդասիրական» մտահոգութեանց, ու մեր պատասխանները ենթադրութեան ու երազանքի կնիքով են։ Անհաւատալի է որ մեզ այսչափ դիւրութեամբ «դաւաճանեն». հաւանաբար հիմա Ուքրանիոյ ճակատը կը համբուրեն, Փուտինին հասկցնելու համար, թէ՝ «ձեռք ունիս՝ գլուխդ քերէ»։
Բայց ան կը յաջողի նաեւ իրենց գլուխները քերել, ու կը գիշատէ Ուքրանիան, «պապական» իրաւունքներ վերկանգնելու «ազնիւ» գոհունակութեամբ Խրիմի հսկայ թերակղզին իբրեւ նախաճաշ առնելով (Աստուած դժբախտ Ուքրանիան փրկէ ճաշի ու ընթրիքի անոր ախորժակէն)։ Իսկ մեր «բարեկամները» Սուրիոյ խարոյկը միշտ թէժ կը պահեն, Ուքրանիոյ ցուրտերէն մսելուն պէս՝ կրկին հոս իրենց ձեռքերը տաքցնելու համար։
Մինչ այդ, հինաւուրց Հալէպը կը շարունակէ ցնցուիլ ահեղադղորդ պայթիւններէ ու մենք ալ լաւատեսութեան փարած, կը հաւատանք, որ վերջին՝ մաքրումի կռիւներն են քաղաքին շուրջ ու երկրին մէջ՝ ամէնուր։ Երկարատե՜ւ ու արիւնոտ ընթացք։
***
Մեր յոյսերը երազէ չեն տարբերիր. «Սա վերջին սկիզբն է ու ամէնէն ծանրը պիտի ըլլայ», կ՛ըսէ լաւատեսը։ Մինչդեռ «վերջին սկիզբը» անվերջ կը թուի ըլլալ։ ժողովուրդը, յոգնած ցաւէն կամ վարժուած անոր՝ սկսած է աշխոյժ ձեւով վերադառնալու նախկին կենսակերպին։
Ժամանակին հալէպցիներ պէյրութցիներու մասին կ՛արտայայտուէին, թէ անոնք «արսըզ» են ու պատերազմի մէջ անգամ իրենց հաճոյքներէն չեն զրկուիր։ Այսօր մեզի նայեցէք։ Մարդը ամէնուր նոյնն է ու կրնայ վարժուիլ վատթարին։ Հաւանաբար այդ նկատի ունենալով է, որ մեզ կոփելու ջանքերու մէջ են արեւմուտքի մեր «բարեկամները»։
Պատերազմ, մեր գլխուն իջնող, մեր առաստաղները փլող ռումբեր, ամէնօրեայ զոհեր, վիրաւորներ, հատուող գլուխներ, ու նոյն ատեն՝ կեանքի վերադարձ ձեռնարկներ, ժպիտներ, ծաղիկներ, տօնական օրեր՝ ուսուցչաց ու մայրերու…
Առանց իրենց մեղքը իմանալու զոհուողները մայրեր ծնած են, անծանօթ մարդոց կեանքն ու վաղուան ալ երազանքները ակնթարթի մը մէջ սպաննողները ե՛ւս մայրեր ծնած են։
Օպամայի, Քերիի ու նմաններու պէս մարդակերները նո՛յնպէս մայրեր ծնած են։ Պիտի ուզէի գիտնալ, թէ ի՞նչ կը զգան, ի՞նչ կը մտածեն այդ կիները՝ մայրական բերկրալից հպարտութի՞ւն իրենց զաւակներով, թէ՞ պիտի ուզէին չորցած ըլլային իրենց արգանդները, նման հրէշներ չծնելու համար։ Մայրե՜ր…
***
Քրիստոնեաներ ու հայեր, անոնք, որոնք առաջին իսկ տարուան ընթացքին հեռացան ու տակաւին կը շարունակեն հեռանալ, յաճախ զարմանքով հարց կու տան մնացողներուս, թէ «Ի՞նչ կը սպասէք, հարցը վերջացած է»։ Մենք, որ ամբողջ պատերազմին ընթացքին մերթ սահմռկած սպասեցինք «ազատարարներու» ներխուժումը ու մերթ ալ յուսադրուեցանք, թէ պաշտպանուած ենք պետութեան կողմէ, առաւել կապուածութիւն կը զգանք այս հողին, հոն արմատացած մեր արժէքներուն, ինչպէս որ մայրը առաւել կը կապուի ու կը գուրգուրայ հիւանդ ու վտանգի ենթակայ իր զաւակին։
Կենցաղային բարելաւումները մեզ կը մոռցնեն երբեմն, թէ կը շարունակուի այս գիշատիչ պատերազմը, սակայն հերթական սահմռկեցնող լուրը կրկին ու կրկին կը թրթռացնէ մեր յոգնած ու ջութակի լարի պէս զգայուն ջիղերը։
Վերջին օրերուս վրայ վրայի եկած աղէտներուն գագաթը Քեսապի վրայ ընդդիմադիրներու յարձակումին լուրն էր, որ իջաւ կայծակի պէս։ Անշուշտ Թուրքիոյ սահմանի վրայով էր յարձակումը… հայկական գիւղերու վրայ։ Թուրքերը մէկ զարկով երկու թռչուն որսալու երազ փայփայեցին՝ յափշտակել Կիլիկիոյ վերջին կտորն ալ ու հայերուն արծուաբոյնը մտնել։ Բանակը զգօն ու արագ գործեց, բայց իւրաքանչիւր հայու մէջ կրկին արթնցաւ 15 թուականին յիշողութիւնը…
***
Պատկեր Ա.
Տղեկ մը եւս կը նստի աշխոյժ երթեւեկ ունեցող մայթի մը եզրին։ Անշուշտ՝ գոյնը անյայտ ու աղտոտութեան մէջ կորսուած է թէ՛ հագուստ, թէ՛ դէմք ու մազեր։ Կը մուրայ առանց երբեք դիմելու անցորդներուն։ Իրեն փոխարէն կծկտած ծունկերուն մէջէն ափին մէջ հազիւ նշմարուող կատուիկ մըն է լացող ու մուրացողը՝ միա՜ ո՜ւ…
Բախտակիցներ, գտած զիրար, իրարմով կը մխիթարուին։
Պատկեր Բ.
Ծուէն-ծուէն ու գունազրկուած վերարկուի տակ կքած կինը գզգզուած ու աղտոտ տղեկին ձեռքէն բռնած կ՛երթայ, ուր որ, ետին, մայթեզերքի աղտին մէջ կորսուած խշտեակի մը վրայ ձգած է հազիւ վեց ամսու թխլիկ մանուկ մը։ Առաջին պահուն կը թուի, թէ ծծակ է, զոր ան բերանը տարած է, ապա կը ճշդուի՝ հին ու կոտրտուած սկաւառակ մըն է, զոր ան հաճոյքով կը ծծէ, անտեղեակ իր դիրքէն ու վիճակէն՝ տակաւին անգիտութեամբ կը հրճուի ու կը ղունղունայ, աղտոտ ու մերկ տոտիկները օդին մէջ շարժելով. օ՜, Յիսուս…
Մարդիկ մայթին այս հատուածէն կ՛անցնին արագ, առանց նայելու։
Ցաւեր կան, որոնք արցունք իսկ չեն վերցներ։