20-24 Մարտ 2014ին, Պոսթընի մէջ ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութիւնը գումարեց իր 22րդ լիագումար նիստը: Կազմակերպական, մարդասիրական բազմաբնոյթ օրակարգերու շարքին, կարեւորութեամբ քննարկուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի նշման միջոցառումները եւ սուրիահայութեան օժանդակութեան ծրագիրները:
Թրքական բացայայտ հովանաւորութեամբ զինեալներու Քեսապ ներթափանցման փորձին եւ անոր հետեւանք հայաւանի պարպումին ի տես, յաճախակի կապ հաստատելով եւ խորհրդակցելով տեղւոյն միաւորի շրջանային եւ մասնաճիւղի վարչութեանց ընկերուհիներուն հետ՝ Լաթաքիա ապաստանած մեր հայրենակիցներու անմիջական կարիքներու բաւարարման համար, այս հանգրուանին Լաթաքիոյ եւ Քեսապի մասնաճիւղերուն յատկացուեցաւ 15,000 տոլար:
Ընթացքի մէջ եղած ծրագիրներուն գծով որոշուեցաւ՝
– Միաւորներու աշխոյժ մասնակցութեամբ շարունակել աշխատանքները՝ գաղութային շտապ օգնութեան մարմիններու շրջանակներէն ներս:
– 2012 Նոյեմբերին սկիզբ առած «Տաք Ճաշ» ծրագիրը շարունակել նոյն ընթացքով, եւ այս հանգրուանին ծրագիրին տրամադրել 25,000 տոլար:
– Ուսումնական ընթացիկ տարեշրջանին համար, սուրիահայ վարժարաններու օժանդակութեան ծիրէն ներս՝ «Դպրոց» ֆոնտին յատկացնել 75,000 տոլար:
– ՍՕԽի Շրջանային վարչութեան ճամբով, հալէպահայութեան խնամատարական կարիքներու բաւարարման ուղղուած ծրագիրներուն համար յատկացնել 10,000 տոլար:
Աշխարհասփիւռ իր միաւորներու անվերապահ եւ յանձնառու աջակցութեամբ առաւել հզօրացած՝ Կեդրոնական վարչութիւնը կը շարունակէ աջալրջութեամբ հետեւիլ զարգացումներուն, կարիքի թելադրութեամբ օժանդակութեան անհրաժեշտ նախաձեռնութիւններ կատարելու համար:
ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.