
ԵՐԵՒԱՆ, «Ռադիօլուր».– Ցեղասպանութեան 100ամեակին ընդառաջ, «Հայկական ճարտարապետութիւնն ուսումնասիրող հիմնադրամ»ը պիտի հրատարակէ նոր մատենաշար, որուն 36 հաստափոր հատորներուն մէջ պիտի ներկայացուին Արեւմտեան Հայաստանի գաւառները: Հիմնարկի նախագահ Սամուէլ Կարապետեանի համաձայն՝ մատենաշարին մէջ անդրադարձ պիտի կատարուի շուրջ 7000 գիւղերու՝ ըստ գաւառներու:
Արեւմտեան Հայաստանի բոլոր գաւառներու ճարտարապետութիւնը յառաջիկային պիտի ներկայացուի «Հայկական ճարտարապետութիւնն ուսումնասիրող հիմնադրամ»ի նախաձեռնած նոր մատենաշարին մէջ: Մեր պատմական հայրենիքի մօտ 70 գաւառներէն առաջին հերթին անդրադարձ պիտի կատարուի Մեծ Հայքի Վասպուրական նահանգի Հայոց Ձոր գաւառին, քանի որ իր առաջին ճակատամարտէն ետք Հայկ նահապետը այս գաւառին մէջ հիմնեց իր տունը:
«Իւրաքանչիւր հատորը ներկայացնում է տուեալ գաւառի տարածքում գտնուող բոլոր գիւղերը՝ մէկ առ մէկ, հետեւաբար այն ամփոփում է մեր պատմական հայրենիքի բոլոր գիւղերը, առնուազն մէկուկէս միլիոն նահատակների ծննդավայրերը», յայտնած է «Հայկական ճարտարապետութիւնն ուսումնասիրող հիմնադրամ»ի ղեկավար, յուշարձանագէտ Սամուէլ Կարապետեանը:
2014 թուականի կարեւորագոյն ծրագիրներէն ան յատուկ կերպով առանձնացուցած է քանի մը աշխատութիւններու հրատարակութիւններ. «Խոջիվանքի գերեզմանոցին նուիրուած մի հատոր լոյս կը տեսնի»:
2014ին պիտի հրատարակուի նաեւ Դադիվանքին նուիրուած աշխատութիւն: Դադիվանքը կը գտնուի Արցախի ազատագրուած Քարվաճառի շրջանին մէջ: Վանական մեծ համալիր մը, որուն գլխաւոր կաթողիկէ եկեղեցին կառուցուած է 1214 թուականին, եւ այս տարի կը նշուի եկեղեցւոյ 800ամեակը:
Ասոնք երեք կարեւորագոյն աշխատութիւններն են, զորս «Հայկական ճարտարապետութիւնն ուսումնասիրող հիմնադրամ»ը կը պատրաստէ ու պիտի ներկայացնէ 2014 թուականին։ Ասոնց կողքին կայ նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի մօտ 70 գաւառներու շուրջ 7000 գիւղերու ճարտարապետութիւնը ամփոփող վերը նշուած մատենաշարը, որուն առնուազն առաջին երկու հատորները, ըստ Կարապետեանի՝ ընթերցողին սեղանին պիտի դրուին մինչեւ Ցեղասպանութեան 100ամեակ: